Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, երեսփոխան Ալի Ամմար եւ յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ շեշտեց, որ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Լիբանանը նուազագոյն վնասներով դուրս բերելու իր դիմագրաւած այս իրավիճակէն, որ հետեւանք է շրջանային զարգացումներուն:
Ռաատ նշեց, որ քննարկումները ճիւղաւորուած էին յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանը շրջապատող իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ըմբռնեն Ժոմպլաթի տեսակէտը եւ միասին պիտի գործեն` դէմ դնելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:
Ռաատ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպումը բացառիկ էր` աւելցնելով, որ քննարկուած են ներքին եւ արտաքին հարցեր:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւնները իւրայատուկ են եւ հեզասահ` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է ամրապնդուին:
Աւելի ուշ, Ժոմպլաթի այցելեցին նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վերածուած է կատարուած իրողութեան, որմէ կարելի չէ խուսափիլ: Ան ընդգծեց սակայն նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անկարելի է առանց հանրապետութեան նախագահի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
Ան աւելցուց նաեւ, որ անհրաժեշտ է սկսիլ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները Ռումիէի իսլամական բանտարկեալներուն հետ փոխանակելու հոլովոյթին:

