Խորհրդարանը Չվաւերացուց Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրինագիծը
Խորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստը սկսելէն քանի մը վայրկեան ետք եւ հակառակ տարբեր երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ տրուած խոստումներուն եւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու երաշխիքներուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ օրինագիծը վերադարձուց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն` նկատի ունենալով անոր դէմ անձնական դպրոցներու ուսուցիչներուն բողոքը եւ բանակայիններուն գծով անոր անարդարութիւնը:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի ելեւմտական հարցերու յանձնախումբին, միացեալ յանձնախումբերուն եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանին` անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար, սակայն ցաւ յայտնեց, որ կարելի չէ եղած այդ նուէրը ընծայել պետական մարզին:
Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ պէտք է բանակայիններուն իրաւունքները առանձին թղթածրար նկատել եւ զինուորական անձնակազմին վերաբերող օրինագիծերը տարբերել այլոց օրինագիծերէն:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստ է վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ թեքնիք առումով նախարարութիւնը պատրաստ է վաւերացնելու այդ օրինագիծը:
Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ նոյնիսկ եթէ այդ օրինագիծը միացեալ յանձնախումբերուն վերադարձուած է, պէտք չէ կամքով տկարանալ, այլ` աշխատիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողցնել այդ պահանջը:
Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան առանց անուններ տալու ակնարկեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի` նշելով, որ ինք կը մաղթէր, որ բանակին նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնը արդիւնաւորուէր աւելի արդար օրինագիծով:
«Բանակը եւ զինուորները իրաւունքներ ունին եւ կարելի էր զանոնք վաւերացնել կարգ մը բարեփոխումներով, որոնց իբրեւ արդիւնք կրնար վաւերացուիլ նաեւ աշխատավարձի յաւելումները, որոնց մարդիկ երկուքուկէս տարիէ ի վեր կը սպասեն», ըսաւ Քանաան:
Իր կարգին, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարը կառավարութեան պիտի ներկայացնէ բանակայիններու աշխատավարձերու յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծ մը, որ կառավարութեան վաւերացումէն ետք պիտի հասնի խորհրդարան եւ ըստ այնմ պիտի վաւերացուի:
Վարչապետ Թամմամ Սալամ նշեց, որ յետաձգելու առումով հարց չկայ, եթէ անիկա պիտի ծառայէ իրաւունքները յարգելու եւ արդար ըլլալու:
Ան ակնարկեց առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին` հաստատելով, որ կարելի չէ այդ հարցին անդրադառնալ իբրեւ քաղաքական քննարկումի նիւթ եւ մնայուն յայտարարութիւններ կատարել այդ մասին:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ այս իմաստով Թուրքիա եւ Քաթար կ՛օժանդակեն Լիբանանին:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք իր կարգին շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին լուծման առումով դրական նշոյլներ կան:
Բողոքի Ցոյց
Մինչ խորհրդարանը կը գումարէր օրէնսդրական իր նիստը, անձնական դպրոցներու ուսուցիչները բողոքի ցոյց մը կը կատարէին Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` ընդգծելով, որ պետական մարզի ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը արդար չէ, որովհետեւ անիկա պէտք է ներառէ նաեւ պետական մարզի ուսուցիչներուն իրաւունքները:
Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ ուղղուեցաւ դէպի Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր շեշտեց, որ կարելի չէ այս կամ այն ուսուցիչին յաւելում շնորհել եւ ուրիշը նկատի չունենալ, ուսուցիչները հաւասար են. անոնք բոլորը կրթական մշակներ են եւ անոնք պէտք է հաւասարապէս ստանան իրենց իրաւունքները:
Հաշուետուութեան Քաղաքացիական
Արշաւը
Հաշուետուութեան քաղաքացիական արշաւը երէկ կազմակերպեց խորհրդանշական ցոյց մը, որուն ընթացքին ծպտեալ գործիչներ կարգախօսներ բարձրացուցած դէմ արտայայտուեցան խորհրդարանի պաշտօնավարութեան հաւանական երկարաձգումին: Անոնք ըսին, որ ալ զզուած են իշխող վերնախաւի մեքենականութիւններէն եւ կոչ ուղղեցին ժողովրդավարական գործընթացները յարգելու:

