Վարչապետ Աբրահամեան Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

1001_Hovig_Ministry-of-DiasporaՀայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ մասնակցեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 6-ամեայ գործունէութեան ներկայացման  նուիրուած ձեռնարկին:

Վարչապետը ողջունեց սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման ուղղութեամբ իրականացուող նախարարութեան քայլերը, զանոնք  գնահատելով իբրեւ հայանպաստ եւ ազգանուէր աշխատանքներ:

Աբրահամեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը պարգեւատրեց Հայաստանի վարչապետի անուանական ժամացոյցով եւ յանձնեց նախարարութեան աշխատակազմը համալրած նոր քաղաքացիական ծառայողներու վկայագիրները:

Share this Article
CATEGORIES