Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Չինաստանի Դեսպանատուն

8416_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Չինաստանի ազգային տօնին  առիթով երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատուն:

Հանրապետութեան նախագահը Չինաստանի կազմաւորման 65-րդ տարեդարձին առիթով հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորեց դեսպան Թիան Չանչունը եւ դեսպանատան անձնակազմը, ի դէմս անոնց` Չինաստանի բարեկամ ժողովուրդը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան տօնին առիթով Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Չինաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական երկխօսութեան հետեւողական զարգացման, փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ծաւալման` տնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ: Համոզուած եմ, որ մեր միացեալ ջանքերուն  շնորհիւ, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած հայ – չինական գործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ կը շարունակէ մնայուն  զարգացումը ի շահ մեր ժողովուրդներուն»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES