Իլինոյզ Նահանգէն Քոնկրեսի Թեկնածուն Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է «Անյապաղ Վերադարձնելու» Հայերէն Բռնագրաւուած Եկեղեցական Կալուածը

Ռոպըրթ Տոլտ

Ռոպըրթ Տոլտ

Միացեալ Նահանգներու Իլինոյզ նահանգէն Քոնկրեսի յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը սատարէ ամերիկահայերը հետաքրքրող խնդիրներու երկարամեայ ջատագով Ռոպըրթ Տոլտի թեկնածութեան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Իլինոյզ նահանգի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մայք Տեմիրճեան յայտնած է. «Պարոն Տոլտ երկար տարիներ եղած է ամերիկահայերուն համար կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներուն հզօր պաշտպանը եւ ապացուցած, որ կը հանդիսանայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բարեխիղճ խաչակիր եւ արդարութեան ջատագով»: Իսկ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ, նոյն նահանգի բնակիչ Քեն Խաչիկեան ակնկալիք յայտնած է, որ տեղւոյն հայ համայնքը տեղեակ է եւ Տոլտի ի նպաստ պիտի քուէարկէ ընտրութիւններուն օրը:

Հայ դատի յանձնախումբի հարցումներուն ժամանակ թեկնածուն նշած է, որ ինք կ՛աջակցի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան իրաւունքին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հայ եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ օգնութեան ցուցաբերման:

«Թուրքիա պէտք է առանց վերապահութեան ճանչնայ այս ահաւոր չափերու հասնող յանցագործութիւնը եւ լիովին փոխհատուցէ», ըսած է ան: Տոլտ նաեւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է «անյապաղ վերադարձնելու» հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն բռնագրաւուած կրօնական գոյքը:

Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հիմնախնդիրին, ան յայտարարած է, որ ամբողջովին կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին եւ յորդորած է զինուորական օգնութիւն չցուցաբերել Ազրպէյճանին, այնքան ատեն, որ կը շարունակէ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES