Գերմանիա Ուշադիր Կը Հետեւի, Թէ Թուրքիա Ինչի՛ Պիտի Ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առնչութեամբ

Ռայներ Մորել
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայներ Մորել «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Գերմանիա կը սպասէ 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան եւ կը քննարկէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափով եւ ո՛ւր պիտի մասնակցի այդ արարողութիւններուն:
Դեսպանը նշած է, որ 100-ամեակը խիստ յուզումնալից պիտի ըլլայ հայերուն համար: «Միաժամանակ նաեւ Գերմանիոյ համար հետաքրքրական է, եւ ուշադիր կը հետեւինք, թէ Թուրքիա այդ առումով ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Սարգսեանը արդէն ուղարկած է հրաւէրներ 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելու համար: Գերմանիա տակաւին չէ որոշած, թէ ո՛ւր, ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ ձեւաչափով պէտք է մասնակցի այդ արարողութիւններուն: Այդ կապակցութեամբ այժմ կ՛ընթանան քննարկումներ: Կ՛ուզեմ բան մը շեշտել: Վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ շեշտադրեց ցեղասպանութեան հարցն ու շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պէտք է նշեմ, որ 10 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պունտեսթակը որդեգրեց յատուկ բանաձեւ: Եթէ դուք կարդաք այդ բանաձեւը, պիտի տեսնէք, որ շատ հանգամանօրէն ներկայացուած են պատմական իրողութիւնները, եւ անիկա շատ խորքային հաշուետուութիւն է», ըսած է դեսպանը: Ինչ կը վերաբերի նոր բանաձեւի կամ յայտարարութեան մը որդեգրումին, դեսպանը ըսած է, որ տեղեակ չէ:
18 սեպտեմբերին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին Քրիստոնեայ դեմոկրատական կուսակցութենէն երեսփոխան, Պունտեսթակի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Մանֆրետ Կրունտ ըսած էր, որ 2015-ին պիտի կազմակերպուի քննարկում Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ եւ կը նախատեսուի, որ խորհրդարանը նաեւ որդեգրէ բանաձեւ մը:

