Վարդանեան. «Հանրահաւաքները Պէ՛տք Է Ըլլային Նաեւ 12 Կէտերուն Մասին»
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան կը դժուարանայ ըսել, թէ ինչի մասին են քառեակի միւս ուժերուն մարզային հանրահաւաքները: «Մէկ անգամ դիտեցի` արդէն եռեակը նաեւ կը համեմատեն հայոց եռագոյնին հետ, կը դժուարանամ ըսել, թէ ի՛նչ ձգտումներ են: Քառեակը 12 կէտերու շուրջ ձեւաւորուած էր», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
«Հանրահաւաքին ընթացքին կը խօսուի գրեթէ ամէն բանի մասին, բացի այդ յատուկ կէտերէն: Եռեակի մարզային հանրահաւաքներուն մէջ միասնական պահանջներ չեմ տեսներ, իւրաքանչիւրը յառաջ կը մղէ պահանջ մը, որ միւս ուժի ծրագիրներուն մէջ չկայ: Ճիշդ ասոր համար էր, որ Դաշնակցութիւնը քառեակի միւս ուժերուն կ՛ըսէ, եկէք սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին չխօսինք մարզային հանրահաւաքներուն ընթացքին», ըսաւ Մինասեան:
Ըստ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի, հանրահաւաքները պէ՛տք է ըլլային նաեւ 12 կէտերուն մասին. «Ինչ ըսեմ, իրենց իրաւունքն է»:
Վարդանեան կը խորհի, որ կարիք չկայ 8 հանրահաւաք ընելու եւ ամէն տեղ ըսելու նոյն բանը, այս ձեւով կը մաշի քառեակի պահանջներուն տրամաբանութիւնը: «Եթէ միացեալ քննարկումներ ըլլային, ես կը կարծեմ, որ երկու-երեք մարզային հանրահաւաքները բաւարար կ՛ըլլային», ըսաւ Վարդանեան:
10 հոկտեմբերի հանրահաւաքին ընթացքին պիտի խօսուի քառեակի առաջարկած 12 կէտերուն մասին, բայց այդ հանրահաւաքին նոյնպէս Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի: Աղուան Վարդանեան դէմ չէ եռեակի կարգ մը ուժերու իշխանափոխութեան կոչերուն, բայց ինչպէ՞ս. «Ըսել իշխանափոխութիւն, բայց չընել իշխանափոխութիւն եւ չգտնել անոր յստակ մեքանիզմները, ուղղութիւնները, մեթոտները, քայլերը, այդ մէկը մենք բազմիցս տեսած ենք», նշեց Ա. Վարդանեան:
«Աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ դեղերու դրոշմապիտակներու հաշուարկ կը կատարուի»:
Հայաստանի կառավարութեան հետ հարցում- պատասխանի ժամանակ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան երէկ հարցում ուղղեց առողջապահութեան նախարարին: Վարդանեան նշեց, որ «Առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մասին օրէնքին մէջ» կատարուած փոփոխութիւններուն համաձայն, 1 նոյեմբերէն պիտի կատարուի դեղերու պարտադիր դրոշմաւորում: Պատգամաւորին համաձայն, մարզի կարեւոր ընկերութիւններէն մէկուն` «Վակա ֆարմ»-ի տնօրէնը ամսագիրներէն մէկուն մէջ հրապարակած յօդուածով կը փորձէ ապացուցել, որ օրէնքի այդ դրութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ, որովհետեւ այդ մարզին մէջ ստուերը բաւական փոքր է եւ պիտի չկրճատուի: «Ապրանքներու քանակը միանգամայն կը ճշդուի սահմանին վրայ` ելեւմուտքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն կողմէ, այսինքն` լրացուցիչ հաշուարկի անհրաժեշտութիւն չկայ: Պետութիւնը 1 միլիոն 300 հազար դրամի լրացուցիչ ծախս պիտի կատարէ դրոշմապիտակներու վճարումը փոխհատուցելու ատեն: Հետեւանքը` անպտուղ աշխատանք պիտի կատարուի, պիւտճէի յաւելեալ մուտքեր պիտի չըլլան, պիտի տուժեն քաղաքացիները», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ դեղերու դրոշմապիտակներու հաշուարկ կը կատարուի: Պատգամաւորը հարցուց, թէ արդեօք այդ հարցին շուրջ քննարկումներ եղա՞ծ են կառավարութեան մէջ: Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան նշեց, որ արծարծուած հարցը քանի մը անգամ քննարկուած է առողջապահութեան նախարարութեան մէջ: «Կառավարութեան մէջ եւս քննարկումներ եղած են այս հարցին շուրջ եւ յանգեցուցած են այն եզրակացութեան, որ շուկային մէջ գոյութիւն ունեցող նոյնիսկ փոքր քանակութեամբ կեղծ դեղերը կամ չարձանագրուած դեղերը կարիք ունին պարտադիր հսկողութեան: Եւ այդ առումով` իւրաքանչիւր դեղ, որ կը ստեղծուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կամ կը ներածուի, կը վերահսկուի», ըսաւ ան: Ըստ նախարարին, 43000 դեղեր, որոնք սպառողին կը հասնին 55000 դեղաձեւ քանակութեամբ, ամբողջովին հաշուարկուած են, եւ ատիկա բացարձակապէս չէ ազդած դեղի գինին վրայ: Ան նաեւ նշեց, որ կեղծ դեղորայքի ներածման կանխարգիլումը իւրաքանչիւր պետութեան ամէնէն կարեւոր խնդիրներէն մէկն է, եւ մեր երկիրը եւս ընտրած է այս ուղին:

