Պաշտպանութեան Փոխնախարարը Մոսկուայի Մէջ Տեսակցեցաւ Զօր. Ալեքսանտր Սթուտենիքինին Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան երէկ տեսակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միացեալ սպայակոյտի պետ զօրավար Ալեքսանտր Սթուտենիքինի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ կազմակերպութեան Զինուորական խորհուրդի եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստերուն օրակարգը, որուն շարքին կազմակերպութեան հակաօդային եւ հակահրթիռային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի ստեղծման եւ օդուժերու ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:
Ըստ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործողութիւններու եւ մարտական պատրաստութեան միացեալ ձեռնարկներու 2015 թուականի ծրագիրին, նաեւ քննարկուած են յառաջիկայ տարի Հայաստանի մէջ կազմակերպուելիք «Անքակտելի եղբայրութիւն-2015» հաւաքական խաղաղապահ ուժերու միացեալ ռազմափորձեր կազմակերպելու առնչուող խնդիրներ:

