Աւարտեցաւ Յունաստանի Նախագահին Հայաստան Այցելութիւնը
Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պետական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, մինչ այդ տեղի ունեցած դռնփակ տեսակցութեան ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները համոզում յայտնած են, որ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները կը նպաստեն հայ – յունական բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան խորացման:
CATEGORIES Հայկական

