Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Լիբանան Հայ Խաղաղապահներ Ուղարկելու Որոշումը
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 103 թեր եւ 1 ձեռնպահ ձայներով ընդունուեցաւ իտալական ստորաբաժանումներու կազմին մէջ Լիբանան հայ խաղաղապահներ ուղարկելու վերաբերեալ` Հայաստանի եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած թեքնիք համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին նախագիծը:
Լիբանանի մէջ հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումը բաղկացած պիտի ըլլայ 30 զինուորներէ եւ երկու սպայէ: Ելեւմտական հարցերը պիտի հոգայ ՄԱԿ-ը: Հայ զինուորներուն բուժման ծախսերը պիտի հոգայ իտալական կողմը` տեղւոյն իտալական բժշկական սպասարկութեան կէտերուն մէջ, իսկ եթէ այդտեղ կարելի չէ կատարել բուժումը, ապա այդ պարագային ծախսերը կը հոգայ հայկական կողմը: Իտալական կողմը նաեւ անվճար պիտի հոգայ հայ զինուորները որեւէ վայր տեղափոխելու եւ ետդարձի ծախսերը:
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովը երէկ մերժեց «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը` քուէներու 35 թեր, 59 դէմ եւ 9 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:
Խորհրդարանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւնը դէմ քուէարկութիւնը հիմնաւորեց ըսելով, որ օրէնքին մէջ հակասահմանադրականութիւն չէ յայտնաբերած:
Յայտնենք, որ օրինագիծը ներկայացուցած էին ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւորները:

