Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ականահարումը

Լորան Ֆապիւս
Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւս դատապարտած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետին հրապարակած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Ես կը դատապարտեմ հայ համայնքին համար մեծ խորհուրդ ունեցող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ աւերումը:
«Ֆրանսա կ՛ողջունէ սրբավայրերուն նկատմամբ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի համար պայքարելու բոլոր դաւանանքներու հոգեւոր ղեկավարներուն յանձնառութիւնը` անկախ յարձակումներէն եւ սպառնալիքներէն:
«Սուրիական եւ իրաքեան ազգային ժառանգութիւնները սպառնալիքի տակ են: Մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան թերացումը կը դիտուի իբրեւ պատերազմի յանցագործութիւն, որուն պատասխանատուները կը պատժուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ:
«ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան հետ միասին, Ֆրանսա զօրավիգ կը կանգնի, որ կենսագործուին մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրները, յատկապէս զինեալ տագնապի պարագային»:

