533 ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԱԼ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ Է ՀԱՄԱՆԵՐՄԱՆ ՇՆՈՐՀԻՒ

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան բանտերէն 15 յուլիսի դրութեամբ` համաներմամբ ազատ արձակուած է 533 դատապարտեալ, միեւնոյն ժամանակ կրճատուած է 283 դատապարտեալի պատժաչափը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան մէջ 27 մայիսէն սկսեալ  Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 20-րդ տարեդարձին առնչութեամբ յայտարարուած համաներումով դատապարտեալները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ պատժաչափի կրճատման հոլովոյթը կը շարունակուի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES