Հայկական Ֆութպոլ. Գոհարեան Եւ Պապիկեան` Ապաքինումի Ընթացքին Մէջ

1001_Koharian_BabikianՈւլիսի յառաջապահներ Յովհաննէս Գոհարեան եւ Աղուան Պապիկեան, որոնք վնասուածք ստացած էին, Փիւնիկի դէմ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին իրենց մասնակցութիւնը չբերին:

Սակայն Ուլիսի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ապաքինումը կ՛ընթանայ ըստ նախատեսուածին եւ շատ շուտով երկու մարզիկները կը վերադառնան ֆութպոլի դաշտերը:

ArmSport.am աւելցուց, որ Պապիկեան կրնայ մասնակցիլ Բանանց – Ուլիս մրցումին (ախոյեանութիւն), մինչ Գոհարեան իր փորձերուն կը սկսի 10 հոկտեմբերին:

Share this Article
CATEGORIES