Մարատոնա Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Պաղեստինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Արժանթինցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Տիեկօ Մարատոնա շատ հաւանաբար ստանձնէ Պաղեստինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
Նկատի ունենալով, որ Պաղեստին պիտի մասնակցի Ասիա-2015-ի բաժակի մրցաշարքին, երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է:
Վերոնշեալ մրցաշարքին Պաղեստինի մրցակիցները Դ. խմբակին մէջ պիտի ըլլան Ճափոն, Յորդանան եւ Իրաք:
Նշենք, որ 2012-ին Ուասըլ խումբէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) հեռանալէն ի վեր Մարատոնա անգործ է:
CATEGORIES Մարզական

