ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
– Առաջնորդող յօդուած. Թուրքիա ժողովրդավարութեան տիպար օրինակը չէ:
– Լրատուութիւն` իսրայէլացի որոշ պատասխանատուներու մասին, որոնք համաձայն գտնուած են Թուրքիայէն ներում հայցելու եւ փակելու դէպի Կազա նաւարկող «Մաւի Մարմարա» նաւատորմիղին թղթածրարը:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Լիուա» եւ «Պայրաք» օրաթերթերը):
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին Կազա կատարելիք հաւանական այցելութեան:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Տիար», «Շարք» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):
– Վերլուծական յօդուած. Թուրքիոյ վարչապետին ձգտումները կ՛արգելակեն քրտական հարցին լուծումը:
– Լրատուութիւն. յունական Կիպրոսի բնակչութիւնը հիւսիսային Թուրքիայէն ելեկտրական հոսանք կը պահանջեն:
– Լրատուութիւն. սուրիական լրատուամիջոցները Պոլսոյ մէջ գումարուած սուրիական ընդդիմութեան ժողովը կը նկատեն Սուրիոյ դէմ դաւադրութեան հրահրում, ինչ որ բնականաբար կը նկատուի սուրիական ներքին երկխօսութեան կտրական մերժում:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Սաֆիր», «Հայաթ», «Շարք» եւ «Ախպար» օրաթերթերը):