ՊԸՐՐԻ Կ՛ՈՐՈՇԷ ԲԱՆԱԼ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏԵՐՈՒ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆ ՄԸ` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 1 ՕԳՈՍՏՈՍԷՆ ՍԿՍԵԱԼ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի որոշումով, յառաջիկայ 1 օգոստոսէն սկսեալ խորհրդարանը պիտի գումարէ օրէնսդրական արտակարգ նիստերու նստաշրջան մը:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Հոլանտայի Քորասաու մարզի ծագումով լիբանանցի տնտեսութեան նախարար Ապտել Նասեր Հաքիմ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպանին:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:
Խորհրդարանի նախագահը Ռամատանի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:
Նշենք, որ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք երկխօսութեան ջատագով է, նոյնիսկ եթէ անիկա պիտի կատարուի փողոցին մէջ:
Պըրրի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութենէն եւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէն ետք Լիբանանի մէջ զբօսաշրջիկներուն թիւը, յատկապէս` սէուտցի զբօսաշրջիկներուն թիւը մեծցած է:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի կառավարութեան` դիմակալելու որեւէ հարց կամ մարտահրաւէր, որ կը ծառանայ Լիբանանի դէմ:
Պատասխանելով Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ նոր պատերազմ մը սանձազերծելու հաւանականութեան` Պըրրի ժխտեց այդ հաւանականութիւնը նկատել տալով, որ Իսրայէլ ի վիճակի չէ նման քայլի մը դիմելու:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ռամատանէն ետք պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` նախ եւ առաջ ուղղուելով դէպի Կանա, ուր Յիսուս Քրիստոս գործեց իր առաջին հրաշքը: