ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽԷՅՐԷՏՏԻՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նոր նշանակուած պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ, որուն հետ հանրապետութեան նախագահը քննարկեց քաղաքական եւ տնտեսական շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Անկոլայի դեսպան Փետրօ Վալենթինօ:
CATEGORIES Լիբանանեան