Հայաստանի Մէջ Աշակերտներուն Թիւը Հետզհետէ Կը Նուազի
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ կատարուած եւ Հայաստանի 2013-ի ընկերային կացութեան վերաբերող զեկոյցին մէջ յատուկ բաժին յատկացուած է դպրոցներուն` լուսարձակի տակ առնելով այն, թէ վերջին տասը տարիներուն ի՛նչ յառաջընթաց արձանագրուած է այս բնագաւառին մէջ:
10 տարի առաջ աշակերտներուն թիւը մօտ 1,4 անգամ` 141,4 հազար աշակերտով աւելի էր: Այս ցուցանիշին նահանջը կարելի է բացատրել ժողովրդագրութեան անբարենպաստ վիճակով` ծնելիութեան նուազմամբ, արտագաղթով: Նաեւ պէտք չէ անտեսել այն փաստը, որ որոշ ընտանիքներ պարզապէս նիւթական կարելիութիւն չունին դպրոցական ծախսերը հոգալու:
2001-2002 տարեշրջանին ընտանիքներուն հետ Հայաստանէն հեռացած էր 9,6 հազար աշակերտ, իսկ մէկ տարի անց ցուցանիշը կրկնակի նուազած էր` կազմելով 4,7 հազար: Այնուհետեւ 2003-2004 տարեշրջանին արտագաղթը նուազած էր 3 հազարի: Հաշուետու տարեշրջանին արտերկիր մեկնած է մօտ 5,5 հազար աշակերտ:
Ուսումնասիրուող ժամանակաշրջանին երկրին մէջ հանրակրթական հաստատութիւններուն թիւը նուազած էր 38 միաւորով: Այսպէս, պետական դպրոցներուն թիւը նուազած է (50 միաւորով), իսկ ոչ պետականներունը` աճած (12 միաւորով): Տոկոսային յարաբերակցութեամբ բացասական տարբերութիւնը այնքան ալ շատ չէ` նուազումը 3 տոկոս է: Հաշուի պէտք է առնել նաեւ այն, որ առկայ դպրոցները բնաւ լիարժէք ծանրաբեռնուածութեամբ չեն աշխատիր:
Բնականաբար, դրական կողմ ալ կայ: Տասնամեակի ընթացքին դպրոցական համակարգիչներու թիւը 3,4 հազարէն հասած է մինչեւ 13 հազարի: Եթէ նախապէս իւրաքանչիւր 148 աշակերտ կ՛ունենա՛ր 1 համակարգիչ, ապա հաշուետու տարուան ընթացքին իւրաքանչիւր 20 աշակերտ ունեցած 1 համակարգիչ:

