ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2013-2014 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում
Կիրակի, 31 օգոստոս, 2014-ի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբի դաշտին մէջ վերջին գոյքի զետեղումով վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2013-2014 տարեշրջանի տարեկան բանակումը` Պասքինթա գիւղի Մարժ շրջանին մէջ:
Բանակումին նպատակն էր վերանորոգել մասնաճիւղային սկաուտական ոգին եւ խրախուսել սկաուտներն ու խմբապետները` միաժամանակ աւելի կապելով զանոնք ՀՄԸՄ-ին:
Բանակումը նախորդող շաբաթներուն մասնաճիւղին սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը կատարեցին կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սկաուտական խմբաւորումները հերթական հաւաքներով պատրաստեցին բանակումին անհրաժեշտ գոյքերը եւ յայտագիրները:
Ուրբաթ, 22 օգոստոս 2014-ին, մասնաճիւղի երէց, պարմանուհի, արի եւ արենուշ խմբաւորումները պատրաստեցին բեռնակառքերը, եւ երէցներու «Զարեհեան» փաղանգը բարձրացաւ Պասքինթա. երէցները այս տարի կը նշեն «Զարեհեան» փաղանգին 25-ամեակը: Շաբաթ, 23 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, պարմանուհիներու «Մեղրի» փաղանգը եւ արիներու Ա. խումբն ու արենուշներու Բ. Խումբը մեկնեցան բանակավայր եւ անմիջապէս պատրաստելու սկսան բանակավայրի մուտքն եւ դրօշակի կայմի շինութիւնը:
Աստիճանաւոր գայլիկ-արծուիկները բանակումին միացան երկուշաբթի, 25 օգոստոսի առաւօտեան: Յաջորդող 2 օրերը յատկացուած էին բանակավայրերու յարդարման եւ ձեռային աշխատանքներուն:
Չորեքշաբթի, 27 օգոստոսին, բանակավայր ժամանեցին նաեւ փոքր գայլիկներն ու արծուիկները, եւ սկսան բոլոր խումբերուն յայտագիրները: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ նոր կեանք տուին բանակավայրին:
Բանակումին ընթացքին տեղի ունեցան տարբեր տեսակի սկաուտական աշխատանքներ, որոնցմէ պէտք է նշել հետեւեալները. երէցներու երկօրեայ հետազօտական արշաւ դէպի Պասքինթա գիւղ եւ շրջակայքը. արի-արենուշներու արշաւ եւ խաղեր, դասախօսութիւն Թրիաթլոնի մասին` Գէորգ Ալթունեանին կողմէ. գայլիկ-արծուիկ հանգրուանային խաղեր, դասախօսութիւն մաքրութեան մասին, դասախօս` Շաղիկ Չափարեան, չմոռնանք նաեւ մարզական չարքաշ խաղերը եւ զանազան այլ մրցում-խաղերը:
Չորեքշաբթի երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը: Հինգշաբթի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մասնաճիւղային հանգրուանային մեծ խաղ` բանակավայրին մէջ, մասնակցութեամբ բոլորին` ամէնէն մեծ երէցէն մինչեւ ամէնէն փոքր արծուիկը:
Ուրբաթ, 29 օգոստոսին բանակավայր հասան մասնաճիւղին մոկլիները` 3-6 տարեկան, թիւով 28 հոգի, բանակողներուն թիւը բարձրացնելով 182-ի, աննախընթաց թիւ մը` մասնաճիւղի յետպատերազմեան 25 տարիներու պատմութեան մէջ
Շաբաթ, 30 օգոստոս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ բանակավայր սկսան ժամանել ծնողները եւ հիւրերը: Սկաուտները կը կրէին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի յատուկ թի-շըրթները: Բազմաթիւ ծնողներ, հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը, սկաուտական խորհուրդը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան եւ մրցանակներուն բաշխման: Դրօշակի պաշտօնական արարողութեամբ եւ «Յառաջ նահատակով» վերջ գտաւ բանակումը: Խօսք առաւ մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ թիւով 182 սկաուտներն ու խմբապետական կազմը` խոստանալով միշտ նեցուկ կանգնիլ սկաուտներուն, հասնելու համար նորանոր նուաճումներու:
Արարողութենէն ետք սկսաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը:
Ներկաներուն մեկնումէն ետք անմիջապէս սկսաւ հայկական շուրջպարն ու քեֆը որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայիններն ու հաւաքել բանակավայրը: Այս աշխատանքը շարունակուեցաւ ամբողջ կիրակի օրը, որմէ ետք մասնակիցները վերադարձան Պէյրութ:

