Պոլսոյ «Վարդանանց» Երգչախումբի Ելոյթին Նախօրեակին Հարցազրոյց` Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին Եւ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանին Հետ

Vartanants-Choir_InterviewՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբին շաբաթ օրուան ելոյթին նախօրեակին երգչախումբի նախագահ, կրօնական ժողովի ատենապետ  Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանին եւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանին հետ կատարուած է հակիրճ հարցազրոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ:

Հ.- Առաջին անգամ իբրեւ հրապարակային ելոյթ ունեցող երգչախումբ` ե՞րբ հանդէս եկած էք, ո՞ր սրահին մէջ, ո՞ր խմբավարին ղեկավարութեամբ եւ ի՞նչ յայտագիրով:

Պ.- 1987 թուականին Քոնաք թատերասրահին մէջ, Ատրուշան Հալաճեանի ղեկավարութեամբ եւ կրօնական ու աշխարհիկ յայտագիրով:

Հ.- Թուրքիայէն դուրս ո՞ր քաղաքներուն մէջ շրջապտոյտ կատարած էք:

Պ.- Պրիւքսէլ, Երուսաղէմ, Միւնիխ, Նիւրենպերկ, Երեւան եւ Քոմոթինի:

Հ.- Ցարդ նուագախումբով քանի՞ ելոյթ ունեցած էք եւ ո՞ւր:

Պ.- Պրիւքսել, Երուսաղէմ, Միւնիխ, Նիւրեմպերկ, Երեւան, Քոմոթինի, Եփեսոս, Ասփենտոս, Պոլիս եւ բազմիցս Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներուն մէջ` հոգեւոր համերգներով:

Հ.- Կը խնդրենք, որ Երեւանի ելոյթին մասին պատմէք:

Պ.- Անոնք հայաստանեան ապրումներով լեցուն եզակի երկու համերգներ էին: Յատուկ յիշատակութեան արժանի էր նաեւ Ս. Էջմիածինի մէջ կատարուած Ս. պատարագը:

Հ.- Բացի կոմիտասեանէն, հայկական պատարագի ուրիշ տարբերակներ (Եկմալեան, Չիլինկիրեան, Խորէնեան եւ այլն) կամ հատուածներ կը ներառուի՞ն ձեր ծրագիրներուն մէջ:

Պ.- Անշո՛ւշտ, նաեւ` Պարթեւեան եւ Աթմաճեան պատարագներէն:

Հ.- Ո՞ր ելոյթները ձեր յիշողութեան մէջ յատուկ դրոշմ ձգած են:

Պ.- Անշուշտ կարելի չէ արտայայտուիլ այս մասին եւ շեղել յատուկ ելոյթներ: Իւրաքանչիւրը ունէր իր արժէքը եւ իր անջնջելի դրոշմը:

Հ.- Հայկական ամբողջական պատարագի մը ձայնագրութիւնը իրագործա՞ծ էք կամ ծրագրա՞ծ էք իրագործել:

Պ.- Անտարակոյս ծրագրած ենք եւ արդէն մեծաւ մասամբ պատրաստ է աշխատանքը: Սակայն կը կարօտի նիւթական աջակցութեան:

Հ.- Ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարէք լիբանանեան համերգին նախօրեակին: Ինչպէ՞ս են ձեր տրամադրութիւնները:

Պ.- Տարբեր հաճոյք եւ զգացում է լիբանանեան հանրութեան ներկայանալ, եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս անխոնջ աշխատանքով փորձեցինք պատրաստուիլ:

Share this Article
CATEGORIES