Լուսարձակ. Գնահատանք Եւ Հաշուետուութիւն (ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Կազմակերպած 90-Ամեակի Բանակում)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ճիշդ պիտի չըլլայ երբեք բաղդատական եզրերու օգտագործումով` գնահատանքի թէ վերարժեւորումի ենթարկել որեւէ աշխատանք, որուն հիմքը այս պարագային նուիրումն ու գիտակցական ծառայութիւնն է:
Այլ խօսքով, տարիներու թաւալքին հետ ականատես կ՛ըլլանք միութենական կեանքի ելեւէջային հանգրուաններու, որոնք շատ անգամ կ՛ըլլան խրախուսիչ, այլ առիթներու` տխրեցնող, նկատի առած միութենական աշխատանքի ծաւալը, տարողութիւնն ու արձանագրած յաջողութիւններու խորապատկերը:
Միւս կողմէ, սակայն, մտահան պէտք չէ ընել այն իրականութիւնը, թէ ազգային կեանքին մէջ գործող եւ տասնամեակներու պատմակշիռ ու եզակի դերակատարութիւն ունեցող միութիւն(ներ), եթէ երբեք կրցած են դաժան կեանքի ու փորձութիւններու գլանին դիմակայել եւ վերապրիլ, ապա ատիկա բացառաբար իրագործուած է շնորհիւ տուեալ կազմակերպութեան, միութեան թէ կուսակցութեան հաւատոյ հանգանակին, բարոյական թէ դաստիարակչական ուսմունքին, կազմակերպական ներքին ամրութեան, համոզումի թէ ստեղծագործ արարքներու յայտնագործումին, ազատ ու քննական մտքի զարգացման, մարդկայնական թռիչքի հաստատումին, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներու խոր ըմբռնումին եւ ճանաչողական մակարդակին:
Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի իննսունամեայ կեանքին ու գործունէութեան, հմայքին ու դերակատար ներկայութեան` լիբանանահայ կեանքի երկնակամարին տակ:
Անկեղծ ըսած, իբրեւ ծնողք եւ ջերմօրէն հաւատացողը ՀՄԸՄ-ի հայաշունչ մթնոլորտին եւ առաքելութեան, նման խոկումներ անմասն ու յաճախադէպ են հաւաքական մեր կեանքի ընթացքին:
Շաբաթ, 30 օգոստոս 2014, բանակումի փակման հանդիսութիւն եւ խարուկահանդէսի մասնակցութեան հրաւէր:
Յետմիջօրէի այցելութիւն մը Քեսրուանի շքեղ ամարանոցներէն Պասքինթայի բարձունքին կայացած ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական տարեկան բանակումին, խայծ մըն էր ներսուզուելու նման մտորումներու մէջ, ի տես հոծ բազմութեան` ծնողներ եւ հարազատներ, որոնք եկած էին իրենց զաւակներուն տասնօրեայ բացակայութենէն ետք յագեցնելու ծնողական կարօտը:
Առաջին հակազդող տպաւորութիւնը բանակավայրի մուտքին էր, որովհետեւ ակամայ բաղդատական մը կ՛ուրուագծուէր մտքիդ մէջ, ի տես ներկայի գրեթէ համեստ եւ անցեալ տարուան պատկառելի ձեռային աշխատանքին, որ արդէն կը նախատրամադրէր այցելու ծնողքը, որ եկած էր ըմբոշխնելու նաեւ ձեռային աշխատանքներու գեղեցկութիւնն ու ստեղծարար հմայքը:
Ի դէպ, կը կարծենք, թէ անցեալ տարուան ձեռային աշխատանքին վիթխարի ու պատկառելի ծաւալն ու բացառիկ գեղեցկութիւնը այլապէս պիտի մնայ եզակի եւ առանձնապէս անկրկնելի:
Միւս կողմէ, սակայն, ինչպէս միշտ, ծնողներ վայելեցին իրենց զաւակներուն մատուցած բազմապիսի ելոյթներն ու շնորհները: Անոնք ականատես եղան հաստատուած գունաւոր վրաններու, բարձրութեան վրայ հանգչած վրան-տնակներու, ձեռային աշխատանքի բազմապիսի մոթիւներու, ձեռագործ հսկայ ճաշասեղանի մը, սարքուած խոհանոցի թէ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներու, որոնց հետ տասնօրեայ կեանքը յաւելեալ փայլք եւ գրաւչութիւն կը պատճառէ բանակողներուն:
Պէտք է յայտնել, որ նախանցեալ տարիներու բաղդատած, այն մատնանշումները, որոնք կատարուած էին ծնողներու կողմէ, ի պատիւ կազմակերպիչներուն գրեթէ սրբագրուած էին, ինչ կը վերաբերի սկաուտական կեանքի կարգ մը երեւոյթներու, ինչպէս` պատժական խիստ տնօրինում թէ գիշերային յարձակումներու ընթացքին պատահող անհաճոյ մօտեցումներ: Կրկնելու գնով յիշեցնենք, որ սկաուտական կեանքի որեւէ աշխատանք անհրաժեշտ է, որ ունենայ մանկավարժական սկզբունքներու յենակէտ եւ ըլլայ խորապէս դաստիարակիչ: Այս առումով որքան էական են պատասխանատու խմբապետներու թելադրանքներն ու ուղղակի հսկողութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի բանակումի ամբողջ ընթացքին կազմակերպուած բազմաթիւ գործունէութիւններու (դասախօսութիւն, գիշերային արշաւ, մրցումներ, լեռներու մագլցում եւ այլն), անոնք անհրաժեշտ տարրեր են, որոնց ընթացքին սկաուտական տարբեր փաղանգներ կը յայտնաբերեն իրենք զիրենք եւ ըստ էութեան կը գնահատուին շրջապատին կողմէ:
Այս տարեշրջանին եւս, խարուկահանդէսը ունէր իւրայատկութիւն մը: Ներկայացուած ծրագիրին մէջ սկաուտական բոլոր փաղանգները ունեցան իրենց մասնակցութեան բաժինը, ինչպէս` երգերու եւ պարերու տեսականի, սքեչներ, խաղեր եւ բանակումի ընդհանուր նիւթին մասին ներկայացումներ: Ի դէպ, բանակումի նիւթը «Մոկլի»-ին պատմութիւնն էր:
Անվարան պէտք է յիշել, որ խարուկահանդէսի ամէնէն տպաւորիչ բաժինը կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, երբ բանակողները համախումբ կ՛երգեն իրենց «Ցտեսութիւն»-ը` կրկին հանդիպելու խոստումով:
Ի սրտէ գնահատելի էր այն մտածումը, երբ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով ջահը կը փոխանցուէր մեծէն փոքրին, երէց տարազաւորէն մոկլիին, իբրեւ նուիրական աշխատանքի շարունակականութիւն եւ ՀՄԸՄ-ականի վայել յանձնառութիւն:
Շեշտուած ձեւով նկատելի էր նաեւ այն, որ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ ստանձնած էին պատասխանատուութիւններ, փոխարինելով երէցները, որոնք արդէն բանակումին ներկայ էին իբրեւ հանդիսատեսներ, եւ հպարտօրէն կը հետեւէին ներկայացումներուն:
Այլ խօսքով, ՀՄԸՄ-ի վայել բանակում մը, որ արժանի է բոլորիս անխտի՛ր երախտագիտութեան եւ աջակցութեան:

