Թուային Ժամանակներու Մէջ. Վաղուան Քաղաքները
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՃԱՄԲՈՒ ԼՈՅՍԵՐԸ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԵՆ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱՊՈՒԱԾ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐՈՒՆ: ԱՆՈՆՔ ՊԻՏԻ ՀԵՏԵՒԻՆ ՄԵՐ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ: ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷ՛Ք, ԹԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ, ՈՐ ԳՈՂԵՐՈՒՆ ՑՈՅՑ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՎԱՅՐԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՏԵՄԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՅԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ, ՄԻՆՉ ՀԱՐՑԱԿԱՆԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆՈՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:
Իրականութեան մէջ շատ դժուար չէ գողութեան ծառայող համակարգչային ծրագիր մը պատրաստելը: Պարզապէս կարելի է մէկտեղել հանրութեան տրամադրուած տեղեկութիւններ` արուարձանի մը մէջ ծախսուելու պատրաստ եկամուտներու, ոճիրի համեմատութիւններու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Նման տեղեկահաւաք մը կրնայ ցոյց տալ, թէ գողութեան լաւագոյն թիրախները այն վայրերն են, ուր եկամուտը բարձր է, ոճիրի համեմատութիւնները` ցած, եւ ուր ճամբու լոյսերը չեն կոտրած:
Համակարգչային նման ծրագիր մը ոչ միայն գոյութիւն ունի, այլ նաեւ քանի մը տարի առաջ Ամսթերտամի մէջ տեղի ունեցած հեքինկի մրցաշարքի մը առիթով առաջնութիւն շահեցաւ իբրեւ «ապահովութեան» միջոց:
Մաքի Քլաու (Ամսթերտամի բարբառով կը նշանակէ` «դիւրին պատառ») ծրագիրը ստեղծուած է Պրամ Ֆրից անունով ուսանողի մը կողմէ, որուն նպատակն է «բանավէճ մը հրահրել մարդկային ընկերութեան մէջ բոլորին մատչելի տեղեկութիւններու դերին վերաբերեալ»:
Ամսթերտամի քաղաքացիները եւ ոստիկանութիւնը բախտաւոր էին, որովհետեւ ծրագիրը չտրամադրուեցաւ հանրութեան: Սակայն անոր գոյութիւնը փաստ մըն է, եթէ երբեք փաստի կարիքը կայ, թէ` տեղեկութիւնները կարելի է գործածել լաւ կամ վատ նպատակներու համար:

Օսլոյի մէջ մանուկներ ամէնէն աւելի կը քալեն: Անոնք պիտի օգնեն փողոցները աւելի ապահով վայրերու վերածելու:
Եթէ տեղեկութիւնները գողութեան ծառայեցնելը վատ օրինակ մըն է, ապա նկատի ունենանք հետեւեալ լաւ օրինակը.
Օսլոյի քաղաքապետութեան միջավայրի պաշտպանութեան բաժանմունքը այս օրերուն կը քննէ, թէ ո՛ւր պէտք է կառուցել նոր մայթեր, եւ ո՛ւր պէտք է դանդաղեցնել երթեւեկը:
Եւրոպական յանձնաժողովի վիճակագրութիւններուն համաձայն, 12 տարեկանէն վար մանուկներ որեւէ այլ տարիքի անձերէ աւելի յաճախ քալելով կ՛երթեւեկեն, հետեւաբար Օսլոյի քաղաքապետութիւնը դիմած է մանուկներուն օգնութեան:
Արհեստագիտական «Քափժեմինի» ընկերութեան հետ գործակցելով` Օսլոյի քաղաքապետութիւնը պատրաստած է բջիջային հեռաձայնի յատուկ համակարգչային ծրագիր մը, որ առիթ կու տայ մանուկներուն տեղեկագրելու որեւէ երեւոյթ, զոր վտանգ կը նկատեն դէպի դպրոց տանող ճամբաներու վրայ:
Համակարգչային այս ծրագիրը ձեւագծուած է իբրեւ խաղ մը, որ մանուկներուն առիթ կու տայ խաղալու գաղտնի ոստիկանի դեր եւ տեղեկացնելու կասկածելի երեւոյթներու մասին:

«Զգայարաններ» ի յայտ կու գան քաղաքներու տարածքին անսպասելի վայրերու մէջ:
Քաղաքապետութիւններ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով տեղեկութիւններ կը հաւաքեն արտասովոր աղբիւրներէ, մինչ արհեստագիտական գործիքներու գինը կը նուազի եւ տեղեկութիւններ հաւաքող «զգայարաններ» կարելի է զետեղել որեւէ տեղ, ինչպէս` կամուրջներու վրայ կամ կոյուղիներու մէջ, ճամբու լոյսերու վրայ եւ աղբի տակառներու:
Ասիկա մաս կը կազմէ արհեստագիտական հսկայական փոփոխութեան մը, որ ծանօթ է իբրեւ «ամէն բանի համացանցի կապուելու վիճակ»: «Կարթնըր» ուսումնասիրական կեդրոնին համաձայն, մինչեւ 2020 աւելի քան 26.5 միլիառ գործիքներ պիտի կապուին համացանցի եւ պիտի կազմեն 1.9 թրիլիոն տոլարի ճարտարարուեստ մը:
Այս ձեւով ապագայի քաղաքները կրնան շատ աւելի ինքնաբաւ դառնալ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ֆիլատելֆիա տարեկան 1 միլիոն տոլար կը խնայէ` պարզապէս յատուկ «զգայարաններ» զետեղելով աղբի տակառներու վրայ: Փոխանակ օրական երեք անգամ աղբ հաւաքելու, այժմ աղբը կը հաւաքուի միայն այն ատեն, երբ «զգայարանները» ցոյց տան, թէ տակառները լեցուն են: Երբ նուազ թիւով աղբատար բեռնակառքեր կը շրջին, կը նուազի ճամբաներու խճողումը եւ օդի ապականութիւնը:
Իսկ Կլասկոյի մէջ քաղաքապետութիւնը կը ծրագրէ բարելաւել ճամբու լոյսերը` նուազ վառելանիւթ սպառող ԼԵՏ լամբեր զետեղելով: Այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ մինչեւ կէսի իջեցնել քաղաքին ամէնէն մեծ մուրհակներէն մէկուն գումարը:
Սակայն Կլասկօ կը ձգտի աւելի հեռու երթալ եւ այնպէս «լարել» ճամբու լոյսերը, որ անոնք զօրանան, երբ աղմուկը բարձրանայ. օրինակ, երբ խռովութիւն մը ծագի շրջանի մը մէջ:
Փորձը պիտի կիրարկուի նորակառոյց Քաղաքային սպասարկութեանց կեդրոնին մէջ, ուր հսկողութեան տակ կը գտնուին քաղաքին տարածքին զետեղուած նկարահանող գործիքները: Պաշտօնեաները պիտի կարենան աւելի մօտէն դիտել այն շրջանը, ուր խռովութիւն մը կը ծագի:
Ոմանք ոճիրները կանխարգիլելու լաւ ձեւ մը պիտի նկատեն այս կարելիութիւնը, իսկ ուրիշներ` անձնական ազատութիւնը կաշկանդող մղձաւանջ մը:
Քաղաքացիները` «Զգայարան»
Տեղեկութիւնները մեր ափին մէջ ունենալը մեծ առաւելութիւն կրնայ ըլլալ:
Սպանիոյ Քանթապրիա շրջանի մայրաքաղաք Սանթանտըրի բնակիչները ճամբու լոյսերու միջոցով կրնան մինչեւ վերջին վայրկեան տեղեկութիւններ ստանալ փակ ճամբաներու, կառատան մէջ տրամադրելի տեղերու եւ պասերու ուշացումի վերաբերեալ:
Լոնտոնի քաղաքապետութիւնը հանրային վայրերու մէջ զետեղած է տեղեկութիւններու շուրջ 500 շտեմարաններ, որոնք համացանցի վրայ մատչելի կը դարձնեն քաղաքին մէջ օդի ապականութեան, ոճիրներու վիճակագրութեան, օդերեւոյթի, նոյնիսկ ուրախութեան պատկերը:
Օրինակ, կարելի է գիտնալ փողոցի մը մէջ ուղեւորուող պասի մը գտնուած վայրը` տուեալ վայրկեանին:
Ամէնէն աւելի «խելացի» պիտի դառնան այն քաղաքները, որոնք քաղաքացիներուն առիթ պիտի տան տեղեկութիւններ օգտագործելու այս յեղաշրջող երեւոյթը վերածելու դէմ առ դէմ խօսակցութեան, ինչպէս կ՛ըսէ «Կարթնըր» ուսումնասիրական կեդրոնի վերլուծաբան Պեթինա Թրաց-Ռայըն:
Այսպէս կոչուած «Կոճակը սեղմէ եւ նորոգէ» վերնագիրով սպասարկութիւններ քաղաքացիներուն առիթ պիտի տան տեղեկացնելու փողոցներուն մէջ բացուած փոսերուն մասին:
«Կարելի է փոսը լուսանկարել, նկարը ուղարկել համացանցի հասցէի մը եւ սպասել արդիւնքին: Ասիկա առիթ կու տայ, որ քաղաքացիներ հաւաքականութեան մը պատկանելիութիւնը զգան», կ՛ըսէ Թրաց-Ռայըն:
Ֆիլատելֆիա եւ Սոլթ Լէյք Սիթի արդէն կը գործածեն շատ աւելի պարզ համացանցի բեմ մը, որ կը կոչուի Թեքսթիզըն: Անիկա առիթ կու տայ քաղաքացիներուն իրենց կարծիքը յայտնելու քաղաքին առնչուող տարբեր հարցերու մասին:

Քաղաքացիք մաս պիտի կազմեն տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ գործընթացէ անցընելու «յեղափոխութեան»:
Համացանցի այս բեմը կապուած է պասի կայաններու, ինչպէս նաեւ քաղաքին տարածքին հիմնական այլ կէտերու, ուր քաղաքացիներ կրնան պատասխանել իրենց տրուած հարցումներուն:
Օրինակ` «Ի՞նչ բան կը սիրէք ձեր քաղաքին մէջ» կամ` «Արդեօք պիտի փափաքէի՞ք նոր երկաթուղի մը գործածել, եթէ քաղաքը ծրագրէր կառուցել զայն»:
Քաղաքացիներ կրնան անմիջապէս պատասխանել` բջիջային հեռաձայնով երկտող մը ուղարկելով:
Ինչ կը վերաբերի «զգայարաններու», քաղաքացիներ ամէնէն հզօր «զգայարանը» կը կրեն իրենց «խելացի հեռաձայնին» մէջ, զոր կրնան օգտագործել` հետեւելու համար տարբեր երեւոյթներու:
Օրինակ` անոնք կրնան աշխատակցիլ Նոյզ Թիուպի, որ աղմուկի համեմատութիւնները կ՛արձանագրէ բջիջային հեռաձայններու միջոցով, եւ որուն նպատակն է պայքարիլ աղմուկով ստեղծուած ապականութեան դէմ:
Այն քաղաքները, որոնք քաղաքացիները մասնակից կը դարձնեն տեղեկահաւաքի, պիտի դառնան ապագայի ամէնէն «խելացի քաղաքները», ինչպէս կ՛ըսէ Էնտրու Հատսըն-Սմիթ, որ ձեւագծած է Լոնտոնի հանրային վայրերուն մէջ զետեղուած տեղեկութիւններու շտեմարանները:
«Կը հեռանանք պետական խիստ հակակշիռի տակ պահուած տեղեկութիւններու ժամանակներէն եւ կը թեւակոխենք «խելացի հեռաձայններու» միջոցով բազմութիւնները տեղեկութեան աղբիւրի վերածելու ժամանակները», կ՛ըսէ ան:
Ի տարբերութիւն, այն քաղաքները, որոնք պիտի նախընտրեն պարզապէս «զգայարաններ» զետեղել իրերու վրայ, պիտի ձախողին, ինչպէս կը մտածէ Թրաց-Ռայըն:
«Երբ գոյութիւն չունի տեղեկութիւնները վերլուծելու եւ հասկնալու իմաստութիւնը, քաղաքներ կրնան մատնուիլ այնպիսի վիճակի մը, որ զիրենք կրնայ առաջնորդել ներքին փլուզումի: Այսինքն, փոխանակ աւելի խելացի դառնալու` կը դառնան անմիտ», կ՛ըսէ ան:
Հրէշային Հանրահաշիւներ

Արդեօք հակակշիռէ դուրս տեղեկութեան հսկայական շտեմարանները հրէ՞շ մը կը ստեղծեն մեր քաղաքաներուն մէջ։
Արդեօք հակակշիռէ դուրս տեղեկութեան հսկայական շտեմարանները հրէ՞շ մը կը ստեղծեն մեր քաղաքներուն մէջ:
Կարգ մը մասնագէտներ կը հաւատան, թէ ապագայի քաղաքները կարիքը պիտի չունենան աւանդական աշխատաւորներուն: Փոխարէնը` քաղաքապետարանները պիտի լեցուին համակարգչային բանալի նշաններ վերծանող մասնագէտներով, որոնք հանրահաշիւի (ալկըրիտմ) միջոցով վիճակագրական պատկերներ պիտի փնտռեն տեղեկութիւններու շտեմարաններու մէջ:
«Քաղաքներու դրութեան մէջ մեծ դեր ունի ուսողութիւնը,- կ՛ըսէ տեղեկութիւններու շտեմարաններու մասնագէտ Նելլօ Քրիսթիանի:- Հակակշիռէ դուրս տեղեկութիւններու շտեմարանները դարձած են սննդեղէնի այն աղբիւրը, որ կ՛ապրեցնէ այսօրուան արհեստական խելացութիւնը»:
Իսկ այս սննդեղէնին ամէնէն արգասաբեր դաշտերը քաղաքներն են, ուր կարելի է տեղեկութիւնները գործընթացէ մը անցընել` ճշգրիտ նախատեսութիւններ կատարելու համար, օրինակ` ամէնէն խճողուած վայրերու եւ ամէնէն աւելի ոճիրի ենթակայ շրջաններու վերաբերեալ:
Հետեւաբար, արդեօք Քրիսթիանիի «սնունդի դաշտերու» այլաբանութիւնը մտածել կու տայ, թէ հրէ՞շ մը ստեղծած ենք տեղեկութիւններու շտեմարաններով ղեկավարուող մեր քաղաքներուն մէջ:
«Մեծ խանդավառութեամբ դերակատար եմ այս գործընթացին մէջ: Նոր հանրահաշիւներ կը ստեղծեմ: Սակայն նոյն պատճառով գիշերները չեմ կրնար քնանալ», կ՛ըսէ ան:
Իսկ ինչ որ արթուն կը պահէ զայն, անձնական ազատութեան կորուստի գաղափարն է:
«Երթեւեկի հսկող նկարահանումի գործիքները կարելի է ծառայեցնել կանոնաւորելու ինքնաշարժներու հոսքը, սակայն նաեւ` տեղեկութիւններ քաղելու, տեսնելու, թէ մարդիկ ո՛ւր կը կանգնեցնեն իրենց ինքնաշարժը, թէ` արդեօք կը խախտե՞ն օրէնքը եւ իրենց ինքնաշարժը կը կանգնեցեն տեղ մը, որ արտօնուած չէ՞»:
«Մարդիկ պիտի վերածուին Լոնտոնի մէջ քալող ապրող քարտէսներու, ինչ որ կրնայ ծառայել տարբեր նպատակներու, սակայն արդեօք մէկը հարցուցա՞ծ է անոնց, թէ պիտի փափաքէի՞ն մաս կազմել տեղեկութիւններ հայթայթող այս գործընթացին», կ՛ըսէ ան:
Հատսըն-Սմիթ հաճոյքով կ՛ընդունի, թէ փոխանակ Լոնտոնի մէջ պասերու շրջագայութեան հետեւելու` յառաջիկային պիտի հետեւի մարդոց շրջագայութեան, ինչ որ առիթ պիտի տայ գիտնալու, թէ` «ո՛ւր կը գտնուի իւրաքանչիւր անձ»:
Հատսընի համաձայն, այս բոլորը մաս կը կազմեն սորվելու գործընթացի մը, որ ի վերջոյ առիթ պիտի տայ աւելի արդիւնաւէտ եւ ապահով քաղաքներու ստեղծումին, սակայն ան նաեւ կ՛ընդունի, թէ ահարկու է նման նոր աշխարհի մը հեռանկարը, եւ թէ` անիկա կը պահանջէ մշակութային արմատական փոփոխութիւն մը:
Երբ իւրաքանչիւր փողոցի անկիւնը պիտի զետեղուին «զգայարաններ», որոնք պատրաստ պիտի ըլլան հաւաքելու մեր անձնական տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ` մեզի տրամադրելու տեղեկութիւններ մեր փողոցներուն կառոյցներուն մասին, ապա ժամանակն է, որ գիտակցինք, թէ ինչ բան կը բացայայտենք:
«Առայժմ կուրօրէն կը բաժնեկցինք մեր տեղեկութիւնները: Սակայն քանի մը տարիէն ընկերութիւններ պիտի սկսին վճարել մեզի` մեր տեղեկութիւնները օգտագործելու համար: Պիտի անդրադառնանք մեր տրամադրած տեղեկութիւններուն արժէքին, մինչեւ` մեր սրտին զարկին արժէքին, երբ կ՛անցնինք հանրախանութի մը քովէն», կ՛ըսէ Հատսըն:

