Թուային Ժամանակներու Մէջ. Լոնտոնի Արտերկրացիները
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԵՒ ԳՐԱՒԻՉ` «ԱՐՏԵՐԿՐԱՑԻ» ՑԵՂ ՄԸ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՇՐՋԱԾ Է ԼՈՆՏՈՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: «ՔԻՒՐԻՈՍԻԹԱՍ» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԱՆՈՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Լոնտոնի բնակիչները վարժուած են տարօրինակ երեւոյթներ տեսնելու իրենց փողոցներուն մէջ: Իրօք, քաղաքին առօրեայ կշռոյթին մաս կը կազմեն արտասովոր եւ արտառոց երեւոյթները: Այսուհանդերձ, վերջերս նոյնիսկ նորութիւններէն ձանձրացած քաղաքացիները շշմեցան, երբ «արտերկրացիներու» խորհրդաւոր ցեղ մը` ինտոճենները յանկարծ յայտնուեցան քաղաքին փողոցներուն մէջ:
Վոթան համաստեղութենէն հասած այցելուները յայտնապէս տրամադիր էին ճանչնալու Լոնտոնը, այնպէս` ինչպէս սովորական զբօսաշրջիկներ պիտի փափաքէին ճանչնալ զայն, թէեւ անոնց դէմքի արտայայտութիւնը շատ բան չէր ըսեր իրենց ապրած հաճոյքին մասին: Թերեւս քիչ մը շփոթած էին` ի տես քաղաքին աղմուկին եւ տեսարաններուն կամ թերեւս անոնց համացանցի կապուած հանդերձանքը չափազանց բեռնաւորուած էր: Ամէն պարագայի, անոնք Լոնտոնի փողոցներէն անցան շնորհալի կրաւորականութեամբ մը:
«Արտերկրացիները» երկար կանգ չառին որեւէ տեղ: Հարըտծ այցելութիւն մը մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր արտերկրացիի Լոնտոն այցելութեան, ինչպէս նաեւ` պահակի մը հետ լուսանկարուիլը (հաւանաբար իրենց պէս կրաւորական տիպար մը, որ պիտի յիշեցնէր շատոնց մոռցուած զարմիկ մը): Մայրաքաղաքը շրջելէ ետք անոնք նոյնիսկ պաղպաղակ մը ճաշակեցին Ռիճընթց փարքի մէջ:
«Արտերկրացիները» իրականութեան մէջ պատկերասփիւռի «Տիֆայընս» ժապաւէններու շարքին հերոսներն էին: Անոնք կը նկարահանուէին` ժապաւէնններու երկրորդ շարքին ծանուցումին համար: Շպարի արհեստավարժ մասնագէտներ երեք ժամ տրամադրած էին ստեղծելու համար անոնց ապշեցնող դիմագիծը, տեղեկանելէ ետք, թէ Բրիտանիոյ բնակչութեան 68 առ հարիւրը կը հաւատայ արտերկրացիներու գոյութեան, եւ թէ` անոնց 23 առ հարիւրը կը կարծէ, թէ արտերկրացիներ կը քալեն իրենց քաղաքին փողոցներուն մէջ: Գէթ մէկ օրուան համար ճիշդ էր այս:

