50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1964)
22 Հանրային Պարտէզներ
Պիտի Շինուին Պէյրութի Մէջ
Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարապետ Ժորժ Ռիաշի կարգ մը մանրամասնութիւններ տուաւ այն հանրային պարտէզներու մասին, որոնց շինութիւնը նախատեսուած է մայրաքաղաքին մէջ:
Հանրային այս վայրերը կը բաժնուին երեք դասակարգերու` թաղային պարտէզներ, սքուէրներ եւ փարքեր:
Այս պարտէզները, թիւով 22, պիտի շինուին մայրաքաղաքի գլխաւոր թաղերուն մէջ: Վեց պարտէզներու վերաբերեալ աշխատանքները գործադրութեան մէջ են արդէն: Մնացեալ 16 պարտէզները կը մտնեն քաղաքի բարեզարդման ընդհանուր ծրագրին մէջ:
Ներկայիս յարդարուող պարտէզները կը գտնուին հետեւեալ թաղերուն մէջ.
Ժեզուիթներու թաղ (3600 քառ. մեթր տարածութիւն), Էշրեֆիէի (15,000 քառ. մեթր), Քարանթինա (3000 քառ. մեթր), Պուրճ Ապի Հայտար (6000 քառ. մեթր), Մուսայթպէ (4400 քառ. մեթր):
500,000 լ. ոսկի գումար մը մտցուած է Պէյրութ քաղաքի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի պիւտճէին մէջ` 16 այլ պարտէզներու շինութեան համար:
Երկու սքուէրներ (փոքր պարտէզներ), մէկը Թապարիսի, միւսը` քափուչիններու փողոցին մէջ, աւարտած են արդէն: Երեք այլ սքուէրներ շինուելու վրայ են Պասթայի, Սեն Նիքոլայի եւ Տեպպաս հրապարակին մէջ:
Պարտէզներու եւ սքուէրներու կողքին, քաղաքապետութիւնը նախատեսած է ընդարձակ փարքեր, որոնք պիտի կրնան հազարաւոր պէյրութցիներու ճեմավայր հանդիսանալ: Այս փարքերուն առաջինը պիտի շինուի Շոճիներու անտառին մէջ: Պիտի բաղկանայ ծաղկազարդ ընդարձակ տարածութենէ մը, ծառուղիներէ, ճեմավայրերէ եւ աւազաններէ:
Սանայայի մեծ պարտէզը, որ մայրաքաղաքի միակ հանրային պարտէզն է ներկայիս, նմուշ պիտի ծառայէ ծրագրուելիք պարտէզներու յարդարման:
Կէս Մարդերու Ոդիսականը
Մարմինին Կէսը Կորսնցնող Հայ Մը
Կ՛ապրեցնէ 6 Հոգինոց Ընտանիքը
Պոլսոյ «Հիւրրիէթ» թերթը վերի խորագիրներով ամբողջ էջ մը տրամադրած է Ադամեան անուն հայու մը, որ կորսնցուցած է իր մարմնին կէսը:
Թերթը կը գրէ.-
– Կէս մարդիկ… ամէն տեղ կրնանք հանդիպիլ անոնց, որ մէկը փողոցի մը անկիւնը, ուրիշ մը մզկիթի մը բակը, ուրիշ մը ծառի մը տակ նստած` կը մուրան: Անոնք մեր այսօրուան նիւթէն դուրս կը մնան: Այսօր կու տամ կէս մարմնով ամբողջական կեանքի պայքար մղող մարդոց պատմութիւնը:
Համբարձում Ադամեան 22 տարի առաջ սխալ դարմանումի մը իբրեւ հետեւանք` կորսնցուցեր էր իր երկու ոտքերը: Այդ օրէն ի վեր ան Գոց շուկայի մէկ անկիւնը զետեղած էր իր սեղանը եւ սկսած էր վիճակահանութեան տոմսակ ծախել: Անոր կեանքի պայքարը բարի օրինակ մըն էր շուկայի էսնաֆին համար: Ան իր կէս մարդու վիճակով ամուսնացեր էր տիկին Աղաւնիին հետ եւ ունեցեր էր Մարիամ անուն աղջիկ մը եւ անկէ ետք Ալիս, Սիրազարդ եւ Սիրանուշ անուն եռօրեակներ:
– Երբ մենք կը խօսակցէինք, կը գրէ Մեթին Սօյսալ,- Համբարձումին չորս աղջիկները կը խաղային պարտէզին մէջ:
– Բոլորն ալ պիտի կարդացնեմ եւ լաւ պիտի դաստիարակեմ, թող տեսնեն, թէ ինչերո՜ւ կարող է կէս մարդ Համբարձումը, կը բաւէ որ Աստուած թեւերուս ուժ չխնայէ:
1942-ին Համբարձում Ադամեան կը հիւանդանայ: Կողատապ էր:
– Ինչ որ եղաւ, այդ սխալ ասեղէն յետոյ եղաւ,- կ՛ըսէ ան:- Երկու ոտքերս սկսան սեւնալ, յետոյ Ճերահփաշտ փոխադրեցին զիս, երբ ինքզինքիս եկայ եւ հասկցայ, թէ ոտքերս կտրեր էին, գիտէ՞ք` ինչ մտածեցի… նոր կօշիկներ շինել տուեր էին անոնք:
Աւելի յետոյ Համբարձում կը պատմէ իր գործի կեանքը, որ սկսեր էր կօշիկի ներկարարութեամբ, յետոյ վիճակահանութեան տոմսակի վաճառորդի մը հետ ընկեր էր եղած:
Համբարձում խմբագրին կը պատմէ իր կեանքի պայքարը եւ ամուսնութիւնը Աղաւնիին հետ:
Միւս կողմէ, Աղաւնի եւս իր կարգին կը պատմէ, թէ առաջին անգամ նշանախօսութեան մը ընթացքին ճանչցած էր Համբարձումը, որուն մեղքցած էր.
– Աւելի յետոյ ամօթ զգացի անոր մեղքցած ըլլալուս համար, կ՛ըսէ Աղաւնի եւ կ՛աւելցնէ:
– Ամուսինս ըլլալուն համար չէ, որ կ՛ըսեմ, բայց Համբարձում աշխարհի ամէնէն լաւ մարդն է. միայն ոտքերը կը պակսին, այդքա՛ն:

