Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հիւրեր պիտի ունենաք արտասահմանէն: Քանի մը օր ուրախ պահեր պիտի ունենաք ձեր բարեկամներուն հետ` վերյիշելով անցեալի ձեր հաճելի օրերը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը պատրաստուիք ճամբորդութեան մը, զոր պիտի իրագործէք ամենայն գոհունակութեամբ: Պիտի ունենաք նաեւ այցելուներ: Օրը խաղաղ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինչ հարցի մասին որոշում որ տուած էիք, ձեր միտքը մի փոխէք: Հաստատ մնացէք ձեր որոշումին վրայ: Փոփոխամիտ մի՛ ըլլաք: Օրը լաւ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ունի բազմատեսակ պարտականութիւններ: Աճապարանքով մի աշխատիք, որպէսզի խանգարում մը չունենաք: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հիւրեր:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դիւրահաղորդ էք եւ նոյնքան իրատես: Ձեր կասկածները փարատեցէք, որպէսզի որոշումը, զոր տուած էք, չխանգարուի:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիտէք կարգադրել ձեր ստանձնած գործերը առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան դիմելու: Այսուհանդերձ, կան հարցեր որոնց մասին կրնաք առնել կարծիքը ուրիշներու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յաջողութիւն մը պիտի ունենաք անակնկալ կերպով, իրականութիւն մը, որուն մասին բնաւ չէիք մտածած: «Օրը նոր, բարին նոր» ըսէք, հաւատացէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նորութիւն մը ընտանեկան յարկին տակ` ձեզ պիտի մղէ նոր որոշում մը տալու նիւթական հարցի մը շուրջ: Եթէ առեւտուրով կը զբաղիք, յաջող է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարդը մարդով զօրաւոր է, բայց նկատի պէտք է առնէք այս ճշմարտութիւնը եւ մի՛ կարծէք, որ միայն ձեր գիտցածը ճիշդ է: Համախոհ եղէք ձեր շուրջիններուն հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երկար ատենէ ի վեր չտեսած ձեր մէկ բարեկամը պիտի տեսնէք: Պիտի ուրախանաք եւ պիտի վերյիշէք անցեալի հաճելի օրերը: Օրը բարի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք նոր միտքեր եւ նոր իրագործումներ: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է միշտ, հետեւաբար ընկրկելու կամ մտավախութիւն ունենալու պատճառ չունիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչ բանի մասին որոշում որ տուած էիք, մնացէք հաստատ ձեր որոշումին վրայ: Ջանացէք անուշ լեզուով խորհրդակցիլ` առանց ինքնագով ըլլալու:

Share this Article
CATEGORIES