Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին. «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ 2014»-ը

Ford-Mustang-Abdo-Feghali-750x400Գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, շաբաթ, 4 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ 2014»-ը, Շարլ Հըլու կայարանի շրջանին մէջ:

Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 11 փորձառու վարորդներ, որոնք զտումի մրցումներէն հասան աւարտական այս հանգրուանին:

Նշենք, որ վերջին քանի մը տարիներուն այս ցուցադրական մրցումը բաւական մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Լիբանանի ինքնաշարժներու աշխարհին մէջ եւ անոր ներկայ կ՛ըլլան բազմաթիւ հանդիսատեսներ:

Ցուցադրական այս մրցումին յաղթականը յունուար 2015-ին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պիտի մասնակցի շրջանի աւարտականներուն:

Share this Article
CATEGORIES