Տիք Ատվոքաաթ. «Հայաստանի Հաւաքականը Վտանգաւոր Խումբ Է

1001_advocaatԵուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 11 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Սերպիան:

Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ հոլանտացի Տիք Ատվոքաաթ սերպական մամուլին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Պէտք չէ թերագնահատենք Հայաստանը, որովհետեւ անիկա կը նկատուի վտանգաւոր խումբ մը: Շատ կարեւոր է, որ ֆութպոլիստներս լաւ ճանչնան իրենց մրցակիցը եւ ըլլան կեդրոնացած: Պէտք է այնպիսի խաղարկութիւն ցուցաբերենք, որ այս հանդիպումը շատ վճռորոշ է մեզի համար»:

Share this Article
CATEGORIES