Պասքեթպոլ. Ամերիկացի Ճոնզ Միացաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Խումբին

ashley-daniel-jonesԼիբանանեան մարզական կայքերէն կը տեղեկանանք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր կազմին միացուց ամերիկացի Էշլի Տանիել Ճոնզը, որուն հետ խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 10-20 հոկտեմբերին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու ախոյեանութեան:

Ճոնզ, որ 27 տարեկան է (185 սմ), այսպիսով եգիպտացի Ելենա Պերֆոլովիչէն ետք կը հանդիսանայ երկրորդ օտար մարզիկը, որ այս մրցաշարքին համար կը միանայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի:

Նշենք, որ Ճոնզ աւարտած է Միշիկընի համալսարանը եւ պասքեթպոլ խաղցած է Կիպրոսի, Լիւքսամպուրկի եւ Փորթօ Ռիքոյի մէջ:

ՀՄԸՄ Անթիլիասէն բացի, Ռիատի Պէյրութ եւս կը մասնակցի մրցաշարքին:

Share this Article
CATEGORIES