Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ջանացէք ճիշդ ժամանակին ներկայ ըլլալ ձեր ժամադրութեան, որպէսզի որոշուած ծրագիրը ամբողջանայ եւ սկսիք նոր ձեռնարկին: Օրը լաւ է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մնացէք անտարբեր այնպիսի խօսքերու պարագային, որոնց ստուգութիւնը կասկածելի է: Կարեւորութիւն մի՛ տաք շատախօսներու կարծիքներուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամէն հարց իր չափաւորութեան մէջ ընդունելի է: Մնացէք խաղաղ` ձեր որոշումները իրագործելու, առանց ականջ տալու ըսի-ըսաւներուն: Օրը լաւ է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կը զգաք, թէ կարգ մը պարտականութիւններ անտեսած էք ձեր ընկերային եւ բարեկամական պարտաւորութեանց մէջ, անմիջապէս կապի մէջ մտէք ձեր սիրած անձերուն հետ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամէն ինչ քննադատելը հաճելի չէ, երբեմն իրականութեան հետ հաշտ եղէք եւ լուծուելիք հարցին մասին իրապաշտօրէն մօտեցէք: Քննադատելը դիւրին է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարծիք լսելը նուաստացում չէ, այլ կը հարստացնէ ձեր դատողութիւնը: Մի՛ արհամարհէք ոեւէ մէկը, երբ կրնաք ձեր ինքնութիւնը պահպանել առանց բարդոյթի: Իմաստութիւնը պէտք է ինքզինք պարտադրէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամական դժուարութեան մը պարագային դիմեցէք դրամատուն, ուր ձեզի պիտի ընծայուի բարեացակամ վերաբերում: Մի՛ մտահոգուիք, երբ հարցին լուծումը կայ: Իմաստուն եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային պարտաւորութիւն մը պիտի ստիպէ ձեզ` ձեր քսակը լայն բանալ: Այսուհանդերձ, նուէրը իր գինին  համար չի գնահատուիր, այլ` իր ընծայման խորհուրդին համար: Այս իմաստութեան հետեւեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ» կ՛ըսէ առածը: Այսօր, որքան որ կրնաք, եղէք դիւանագէտ, առանց կեղծաւորութեան: Ձեր լեզուն զուսպ պահեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ մտահոգուիք որեւէ պարագայի, եթէ հոգեր ունիք, կրնաք մեղմացնել հարցը համբերատարութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ: Մի՛ տկարանաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք փայլուն միտքեր, կը մտածէք հակառակ սեռին անձի մը մասին: Կրնաք ստեղծել յարմար առիթներ` ձեր մտածումները կամ ծրագիրները արտայայտելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ջուրը չտեսած` լողալու մի՛ պատրաստուիք: Այս կը նշանակէ, որ հարկ է իմաստութեամբ մօտենաք ձեր որոշած այն ծրագրին, որ իմաստութիւն կը պահանջէ: Օրը ունի նաեւ հաճելի ժամեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES