Պուքրէշի Մէջ. «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Ազդեցութիւնը Հայոց Սփիւռքի Ձեւաւորման Գործին Մէջ» Նիւթով Գիտաժողով
27 – 28 սեպտեմբեր Պուքրէշի Դուդեան մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ազդեցութիւնը հայոց սփիւռքի ձեւաւորման գործին մէջ» գիտաժողովը, զոր կազմակերպած է Ռումանիոյ հայոց թեմը: Գիտաժողովին ներկայ էին տասներեք երկիրներէ եկած փորձագէտներ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն, Թեհրանի եւ Դամասկոսի թեմերէն:
Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի բացման խօսքէն ետք, Շահէ վրդ. Անանեան կարդաց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի խօսքը: Այնուհետեւ ներկաներուն ողջունեց Ռումանիոյ պատրիարքական փոխանորդ Վարլամ Փլոյեշթանու` փոխանցելով Ռումանիոյ պատրիարքին խօսքը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բաղդասարեան խօսեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքներուն եւ թուրքերուն իրականացուցած բնաջնջման ծրագիրին մասին: Նոյն նիւթին շուրջ խօսեցան նաեւ Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Վարուժան Փամպուքչեան, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իսկ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքը փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի Սոֆիոյ կառոյցի ատենապետ Սոնիա Աւագեան-Պետրոսեան:
Այնուհետեւ գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` անդրադառնալով ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին եւ տարբեր երկիրներու մէջ Հայկական հարցի հետապնդման ու լուսաբանման փորձառութեան: Զեկուցաբերները ներկայացուցին հայկական սփիւռքի ձեւաւորման հոլովոյթը 20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Պուքրէշի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի սրահին մէջ ելոյթներ ունեցան Յարութ Սասունեան (Միացեալ Նահանգներ), Նիքոլա Դաւիթեան (Պելճիքա), Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Իրան), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Յակոբ Կարապետեան (Պուլկարիա), Արմաշ եպս. Նալպանտեան (Սուրիա), Միհրան Տապաղ (Գերմանիա), Շահէ վրդ. Անանեան (Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Քանատա), Էլիզապէթ Չուլճեան (Միացեալ Նահանգներ), Ժիրայր Չոլաքեան (Ֆրանսա), Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա), Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ Վարդան Առաքելեան (Ռումանիա), Վերա Եագուպեան (Լիբանան), Յովսէփ Պարազեան (Յունաստան) եւ Աննիքա Թէոռնէ (Գերմանիա):
Գիտաժողովի աւարտին ներկայացուեցան Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանի «Զամքա» տպագրատան կողմէ թարգմանաբար հրատարակուած Յարութ Սասունեանի «100 յօդուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով» ռումաներէն ժողովածուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ցեղասպանութեան, ղարաբաղեան հիմնախնդիրին եւ Խոջալուին նուիրուած գիրքերը: Ռումաներէն թարգմանութեամբ նաեւ ներկայացուեցաւ «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրի պատրաստած «Փոկրոմ» փաստավաւերագրական հետազօտութիւնը` նուիրուած Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերուն:
Գիտաժողովին յաջորդ օրը Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ Արմաշ եպս. Նալպանտեան մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին Սեպուհ արք. Սարգիսեան քարոզեց, Արմաշ սրբազան խօսեցաւ սուրիահայութեան ներկայ տագնապալի վիճակին մասին, իսկ Շահէ վրդ. Անանեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք առաջնորդարանին կից սրահին մէջ բացուեցաւ «Լոյս» մանկապարտէզը, ուր այսուհետեւ պիտի յաճախեն քսանէ աւելի հայ մանուկներ:

