Գանձասարի Խաչին Հմայքը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Դարերու աղօթքներով սրբացած այս վանքը, որ գերի մնաց 70 տարի անաստուածներու շղթաներով: Ղարաբաղցին երգ մըն ալ հիւսեց Գանձասարը գովերգող, յուզող, լացնող եւ հպարտացնող. «Վանիր, վանիր ինձնից տառապանքը»: Վերջին տողը խիստ յուզիչ` «Աւա՜ղ, ճեղք է տալիս Գանձասարը»:
Տառապած, ճեղքուած, փուլ գալու ենթակայ Գանձասարը իր թեւերով հասաւ 21-րդ դար եւ կը հովանաւորէ հաւատացեալ համայն հայ ազգը: Հիմա ճամբաները բաց են, ազատ է մեր երկիրը Ղարաբաղով, ուր կ՛այցելեն բիւրաւոր հայորդիներ: Երանելի են անոնք, որոնցմէ մէկը` Տիգրան Գալայճեան, 2014-ի Խաչվերացի տօնին ներկայ եղած էր Գանձասարի վանք: Տիգրան Գալայճեանը վաղուց չէի տեսած, Լիբանանի մէ՞ջ էր, թէ՞ արտասահման, չէի գիտեր: Իր անունը յիշեցուց ինծի քրոջս որդին` Անդրանիկը, իր կարգին այցելած` Գանձասար, ուր կը հանդիպի Տիգրանին: Յիշողութիւնը կ՛արթնցնէ քաղցր յիշատակ մը Տիգրանին մտքին մէջ: Ան յիշած է անպայման իր տուած առաջին երգահանդէսը, որուն յաջողութեան անդրադարձած էի մեր թերթով, երախտագիտութեան զգացումն էր անկասկած, որ յիշեցուցած էր իրեն իր նախկին օրերը եւ իր երգահանդէսին արձագանգը:
Տիգրան եւ Անդրանիկ հանդիպումէն ստեղծուած է հին օրերէն գեղեցիկ յիշատակ մը. կիրակի յետմիջօրէի մը ընտանեկան հանդիպումի մը ընթացքին Անդրանիկ ինծի կ՛երկարէ նուրբ, բարակ շղթայի մը վրայ ամրացուած փայտեայ խաչ մը ու կ՛ըսէ. «Տիգրան Գալայճեանը ղրկեց քեզի Գանձասարէն…»:
Հակառակ երկար տարիներ թաւալած ըլլալուն` յիշեցի Տիգրանը եւ իր երգահանդէսը. նոյն ատեն բարձրաձայն ըսի շուրջիններուս, «Տիգրանը երախտագէտ տղայ է եղեր»:
Տիգրանին ծանօթացած էի տարիներ առաջ, երբ ան զիս հրաւիրած էր իր երգահանդէսին: Ներկայացուցած էր ինքզինք. «ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղէն եմ: Ես լսած էի Արաբոյի անունը իբրեւ նուիրեալ հերոս. նոյն պահուն ուրախացած էի, որ նոր սերունդէն դաշնակցական պատանիներ եւ երիտասարդներ ներշնչուած են մեր ազգային ազատագրական պայքարի հերոսներէն: Վստահ եմ, որ այդ ներշնչումն էր, որ տարած էր Տիգրանը Գանձասար, որուն խաչին երկրպագելու կը հրաւիրէր զիս: Պարանոցէս անցուցի բարակ շղթայով խաչը` համբուրելէ ետք, ապա մտովի ըսի Ս. Խաչի մէկ աղօթքը:

