Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Պարբերաբար երազելը լաւ է, բայց ձեր ոտքերը ամուր գետին փակցուցէք, որպէսզի կարենաք ճանչնալ եւ հասկնալ կեանքին ելեւէջները: Օրը բարի է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր առողջութեան հսկեցէք, ինչպէս միշտ: Կրնաք օգտուիլ արձակուրդի օրերէն, հեռու մնացէք աղմկոտ վայրերէ: Օրը կ՛օգնէ ձեզի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շնորհները մի՛ թաքցնէք, ունիք առաւելութիւններ, արժանի էք գնահատանքի, նիւթապէս եւ բարոյապէս: Օրը ունի յաջողելու առիթներ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պատրաստ եղէք ստանալու նոր հրաւէր մը, որուն ընթացքին ձեզի պիտի յանձնեն նոր աշխատանք մը: Դէպի յաջողութիւն ձեր ճամբան բաց է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը ունի հաճելի պահեր, որոնցմէ պիտի օգտուիք: Ձեր ստացած նուէրը պիտի ուրախացնէ ձեզ` նախանձը գրգռելով ձեր շուրջիններուն: Արժանի էք այս ուրախութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ արհամարհէք այն աշխատանքը, որ պիտի յանձնեն ձեզի: Կրնաք պահուան մը համար հեռանալ ձեր վարպետի կոչումէն` օգտակար ըլլալու համար ձեր շրջապատի տկարներուն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընկերային վերաբերումը պիտի գնահատուի, որովհետեւ պիտի կարենաք ձեր գիտութիւնը բաշխել տկար գիտութիւն ունեցողները զարգացնելու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Զօրաւոր փափաք ունիք աշխատելու, շարունակեցէք նոյն ձեւով, ապարդիւն չեն ձեր աշխատանքները: Պիտի վարձատրուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հպարտանալը եւ պարծենալը իրարու մօտիկ բառեր են, բայց` իմաստի նուրբ տարբերութեամբ մը:  Մի՛ պարծենաք ձեր յաջողութեամբ: Կրնաք հպարտանալ ձեր ազգային լինելութեամբ: Ազնիւ եւ խոնարհ ըլլալը առաւելութիւն է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր դժուարութիւնները յաղթահարելու ժամանակն է այս: Ուրախացէք ձեր անցեալի նուաճումներով: Յիշատակները արթուն կը պահեն ձեզ եւ ուրախ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կարօտը փարատելու համար զրոյց մը ունեցէք հեռաձայնով կամ գիտութեան ընծայած այլ բարիքներով` համացանցի միջոցով: Կը մխիթարուիք անպայման:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հեռու մնացէք շատախօսներէ, կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, որպէսզի հեռու մնաք ձանձրացնող վիճակներէ: Երեխաները մասնաւորաբար կրնան բարելաւել ձեր տրամադրութիւնը` վերյիշեցնելով ձեր մանկութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES