50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1964)
Գահիրէի Ժողովին Առիթով
Ոչ Յանձնառու
Երկիրներու Ճամբան
«Բառերը իրենց կշիռը կ՛առնեն փորձառութենէն»: Եթէ կայ բառ մը, որուն կը պատշաճի Պերթրան տը Ժուվենելի այս դատումը, ատիկա այսօր «ոչ յանձնառութիւնն» է: Գալով փորձառութեան` ատիկա լիբանանեան ազգային եւ շրջանային արաբական շահն է` իբրեւ հիմը մեր արտաքին քաղաքականութեան:
Ոչ յանձնառութիւնը նախ եւ առաջ անշուշտ մերժում մըն է: Մերժում` ուխտերու եւ զինակցութիւններու, որոնք կը ծառայեն շահերու եւ իրողութիւններու, ոգիով մը, որ մերը չէ: Ասիկա սկսանք սորվիլ 1951-ին ի վնաս մեզի: Այն ատեն մեզի կը խօսէին «հասարակաց պաշտպանութեան» մասին` ընդդէմ արեւելեան պլոքին, զոր մեզի կը ներկայացնէին իբրեւ մեծ վտանգ մը պաղեստինի պատերազմի վաղորդայնին: Բայց այս անպատեհ առաջարկը տարօրինակ կերպով կը զուգադիպէր Սուէզի պարպումին վերաբերեալ անգլեւեգիպտական բանակցութիւններուն: Պաշտպանութեան քողին տակ, ծրագրին հեղինակները կ՛ուզէին մէկ ձեռքով առնել, այն, ինչ որ կու տային միւս ձեռքով, եւ` Սուէզը ենթարկել «բազմակողմանի» հրամանատարութեան մը, ո՛չ ամբողջովին արաբական:
Ծրագիրը վերարծարծուեցաւ ժամանակ մը ետք, նոր ձեւի մը տակ, որովհետեւ մինչ այդ Ճոն Ֆոսթըր Տալլես կատարած էր գիւտ մը: Կամուրջ մը նետելու համար ՕԹԱՆ-ի Եւրոպային եւ Ասիական հարաւ-արեւելքի դաշնագրի կազմակերպութեան միջեւ, երբեք պէտք չկար 1951-ի նման զօրաշարժի ենթարկել ամբողջ Միջին Արեւելքը, կ՛ըսէր ան: Կը բաւէր կեդրոնանալ հիւսիսի գիծին վրայ, «Նորթհըրն թիէր»-ի, որ կազմուած էր Խորհրդային Միութեան դրացի երկիրներէն. Թուրքիա, Իրաք, Իրան եւ Փաքիստան: Բայց Իրաք արաբական երկիր է: Արաբական պետութեան մը համար լիկայէն դուրս կարելի քաղաքականութիւն մը կա՞յ: Իրաքը բաժնելով լիկայէն` ուխտը հակաբնական գործողութիւն մըն էր: Ու բնութիւնը լուծեց վրէժը, Նուրի Սայիտ եւ Ֆէյսալ վրայ տուին իրենց գլուխը եւ գահ մը:
Ոչ յանձնառութիւն հռչակել մեզի համար կը նշանակէ տրամաբանական դասեր քաղել 13 տարուան մեր փորձառութենէն: Այսինքն` գիտնալ, թէ մեր վերաբերմամբ, պլոքներու քաղաքականութիւնը կը հիմնուի թիւրիմացութեան մը վրայ, եւ թէ` պաշտպանութեան մարզին մէջ մենք ո՛չ Արեւելքի լեզուն կը խօսինք եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքի: Մեզի համար կարեւոր չէ, թէ զինուորապէս խօսելով` մենք «կակուղ փոր» մըն ենք ՕԹԱՆ-ի եւ Ասիական հարաւ-արեւելքի միջեւ, որովհետեւ բուն սպառնալիքը մեզի համար աւելի ներքին է, քան արտաքին` Միջին Արեւելքի մէջ:
Այդ վտանգը իրարմէ անբաժանելի երկու երեսներ ունի. Իսրայէլ եւ յետամնացութիւնը: Համայն աշխարհի հրեաներուն կողմէ մատակարարուելով` Իսրայէլ, որ կողմ է, մեր սահմաններուն վրայ կ՛իրագործէ տնտեսական եւ թեքնիք ձեռնարկ մը, զոր կը բաղդատէ մեր յետամնացութեան հետ: Ատկէ մեզի դէմ պատճառաբանութիւններ կը գտնէ: Պէտք է վերցնենք նետուած ձեռնոցը ու փութացնենք մեր զարգացումը: Ատիկա պատերազմական անհրաժեշտ ճիգ մըն է, կենաց մահու խնդիր մը: Արարքները, ջրաթումբերը, գործարանները լաւագոյն պատասխաններն են իսրայէլեան նախայարձակներուն, ինչպէս Ասուանի բացումը եղաւ ամէնէն լուրջ պատասխանը Յորդանանի շեղման:
Այս նպատակին կրնանք հասնիլ միայն որդեգրելով ոչ յանձնառութեան քաղաքականութիւն մը եւ մեր չէզոքութեան տալով տնտեսական ծաւալ: Ուրիշներու կողմէ շինուած ճարտարարուեստական ապրանքներու սպառման շուկայ մը ըլլալէ դադրելով` արաբական երկիրները պէտք է իրագործեն իրենց սեփական ճարտարարուեստը: Միայն ան է, որ ազգերու անկախութիւնը կը կերտէ: Ասոր համար տնտեսական օժանդակութեան, թէկուզ` առանց պայմանի, նուազ պէտք ունին, քան` նոր հիմերու վրայ կազմակերպելու իրենց փոխանակումները Արեւելքի հետ, որ իրենց գլխաւոր հայթայթիչն ու յաճախորդն է: Ասիկա լաւապէս տեսանք Ժընեւի խորհրդաժողովին, ուր Երրորդ աշխարհի կարգախօսը եղաւ` փոխանակում եւ ոչ թէ օժանդակութիւն. այսինքն, մեր պարագային, մեր երկրագործական արտադրութիւններու եւ նախանիւթերու առեւտուր աւելի նպաստաւոր պայմաններով: Փոխանակ քանի մը մեծահարուստներու օտար դրամատուներու մէջ ունեցած հաշիւները պարարտացնելու` քարիւղը պէտք է դառնայ զարգացման լծակը Միջին Արեւելքի մէջ, ու մեզի համար ըլլայ այն, ինչ որ ածուխն ու պողպատն են եւրոպական համայնքին: Յարգելով հանդերձ ընկերութիւններուն շնորհուած մենաշնորհները, զարգացման արաբական հիմնադրամ մը, նաւթային եկամուտներով մատակարարուած, պէտք է երկարատեւ փոխատուութիւններ ընէ անզուպ քարիւղ չարտադրող երկիրներու, ինչպէս` Լիբանանը, եւ շատ լայն չափով մը փոխարինէ օտար օժանդակութիւնը:
Չէզոքութիւն որուն մեր յարումը, Պանտոնկէն ու Պելկրատէն ետք, վաղը պիտի յայտնենք Գահիրէի մէջ, այսպիսով ի յայտ կու գայ իբրեւ ամբողջական քաղաքականութիւն մը, որ ազգայնականութեան կու տայ իր իմաստն ու արժէքը: Ատիկա տնտեսական, ընկերային ազատագրութիւնն է, եւ անկէ մեկնելով` մտային ու մարդկային, աշխարհի երկու երրորդին, նիւթապաշտութեանց դարուն չէզոքապաշտութիւնը մարդկայնութիւն է եւ ոգի: Ականջ տանք Նեհրուին. «Պէտք է մենք մեզի համար մտածենք»:
ՇԱՐԼ ՌԸԶՔ

