Վերադարձնել Անոնց Ոսկեայ Տարիները
Ստեփանակերտի մէջ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերանորոգեց տարեցներու տուն մը, որ չափազանց վատթար իր վիճակին պատճառով փակման սեմին կը գտնուէր: Ներկայիս վերակենդանացած, արդիական յարմարութիւններով այս հաստատութիւնը, ուր կը բնակին բազմաթիւ տարեցներ եւ հաշմանդամներ, Արցախի տարածքին իր տեսակին մէջ միակն է:
«Ոսկեայ տարիներ» կը կոչուին, որովհետեւ պէտք է փայլին ոսկիի նման: Կեանքի աշնան, վերիվայրումներով լեցուն տասնամեակներէ ետք, ոսկեայ տարիները սկզբունքով այն ժամանակներն են, երբ երբեմնի վազքը վերջապէս կը դանդաղի, եւ մարդ կրնայ հանգստանալ ու վայելել կեանքի վերջալոյսը: Արցախի մէջ, սակայն, կեանքի վերջալոյսը յաճախ անհամեմատօրէն մեծ դժուարութիւններով պայմանաւորուած է:
Արցախի ազատամարտէն ետք ընտանեկան կեանքը էապէս փոխուեցաւ հազարաւոր տարեցներու համար` պատերազմի ընթացքին անոնց զաւակներու նահատակութեան պատճառով: Նոյնքան ծանր էր պարագան անոնց համար, որոնք իրենց տուները կորսնցուցած էին` ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ իրենց համայնքներու ռմբակոծման պատճառով:
Նկատի առած այն կենցաղակարգը, ըստ որուն, ընտանիք մը պարտի իր տարեց անդամներուն հոգ տանիլ, երբ անոնք այլեւս կարողութիւնը չունին առանձին ապրելու, Արցախը տարիքաւորներու համար հանգստեան տուներ չէր ունեցած: Բայց պատերազմի շարունակուող հետեւանքներուն պատճառով 1990-ական տարիներու սկիզբը Ստեփանակերտի մէջ խորհրդային շրջանէն մնացած մանկապարտէզ մը վերածուեցաւ շրջանի առաջին տարեցներու տան` բարերար Լուիզ Սիմոն Մանուկեանի օժանդակութեամբ: Հաստատութիւնը ապաւէն տուաւ ոչ միայն տարիքաւոր քաղաքացիներու, այլ նաեւ` հաշմանդամ անհատներու, որոնք այլապէս անպատսպար պիտի մնային:
1970-ականներուն կառուցուած երկշէնք համալիրը լուրջ նորոգման կը կարօտէր: Ջեռուցում չկար, իւրաքանչիւր յարկ միայն մէկ արտաքնոց ունէր, եւ ճաշարանը անջատ էր բնակարանային մասնաշէնքէն, իրողութիւն մը, որ յաւելեալ դժուարութիւն կը պատճառէր երբեմն քալելու իսկ անկարող տարեցներուն եւ հաշմանդամներուն: Աւելի՛ն. տանիքները խախուտ ու ճեղքուած էին, բան մը, որ անձրեւոտ կամ ձիւնոտ օրերուն տառապալի վիճակ կը ստեղծէր բնակիչներուն թէ պաշտօնէութեան համար:
Նկատելով, որ հին ու խարխլած կառոյցը հիմնական նորոգութեան կը կարօտէր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը անմիջապէս գործի լծուեցաւ` Արցախի կառավարութեան համագործակցութեամբ եւ ծրագիրի գլխաւոր հովանաւոր` ռուսահայ Արմէն Շախազիզեանի նուիրատուութեամբ:
Այսօր, ծրագիրի իրագործումով, Ստեփանակերտի Տարեցներու տունը օժտուած է ջեռուցման համակարգով եւ նոր դռներով ու պատուհաններով, իւրաքանչիւր սենեակ ունի իր սեփական արտաքնոցը, խոհանոցն ու ճաշարանը բնակարանային մասնաշէնքին կից են, եւ լրիւ նոր տանիքներ զետեղուած են: Հիմնական նորոգութեան մաս կազմած է նաեւ համալիրի հակա-շարժային սուղ, բայց անհրաժեշտ ամրակայումը: Ընդհանուր առմամբ, վերջերս վերանորոգուած են համալիրին զոյգ երկյարկանի մասնաշէնքերը, իւրաքանչիւրը` 40 սենեակով, ինչպէս նաեւ կառուցուած է վարչական մասնաշէնք մը:
Հաստատութեան ոչ ամէն բնակիչ հոն կը մնայ անորոշ տեւողութեամբ. ոմանք հոն կ՛ապրին ժամանակաւորապէս, մինչեւ որ անգամ մը եւս կարողութիւնը ունենան իրենց սեփական տան մէջ բնակելու կամ յարմար ըլլայ իրենց ընտանիքներուն վերադառնալու: Բայց անկախ հաստատութեան մէջ բնակման տեւողութենէն` հոն ապրիլը առհասարակ միակ այլընտրանքն է անտուն դառնալու եւ մնայուն կերպով փողոցը լքուելու սպառնալիքին. այսպէս, հաստատութիւնը ապաւէն կու տայ շատ մը անպատսպար անհատներու, մինչեւ որ յարմար տեղ մը գտնեն եւ իրենց կեանքը շարունակեն յարաբերաբար բնականոն պայմաններու տակ:
Գեղեցիկ է ոսկեայ տարիներու գաղափարը, սակայն երաշխաւորուած չէ ամէն մարդու համար: Հակառակ անցեալին ու ներկայիս իրենց կրած տաժանքներուն, Ստեփանակերտի Տարեցներու տան մէջ ապաւէն գտած անհատները չեն կրնար բոլորովին վստահ ըլլալ, թէ հանգիստ կեանք մը պիտի ունենան մինչեւ խոր ծերութիւն: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ Տարեցներու տունը, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր նուիրատուներու սատարով, պիտի չթափեն ամէն ջանք, որպէսզի հաստատութեան մէջ ապրողները զգան այնպէս, որ իրենց ներկան կը փայլի ոսկիի նման:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

