Սլաք. Արտառոց Հիւրընկալութիւն

1006_slakԱղբէն ձերբազատելու համար աղբահաւաքները ձեր տան մէջ կը հիւրընկալէ՞ք: Լիբանան բնակող հայ մը վերջերս ճիշդ այդ կատարած է, երբ փորձած է ձերբազատիլ իր մօտ գտնուող թրքերէն երգերու ձայնապնակներէն: Այդ «հին գանձ»-ը  ծախելու փորձը ձախողած է, ուստի այդ «բարոյական ծանր բեռ»-էն ձերբազատելու համար, ան այդ բեռը առաւել եւս ծանրաբեռնող քայլով մը, փրկութիւն խնդրած է Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունէն, որուն պաշտօնատարները ներկայացած են անոր տունն ու ստանձնած այդ թափօնը:

Տեղի ունեցածը նողկալի քայլ մըն է, սակայն ոչ զարմանալի, որովհետեւ հիւանդ տրամաբանութիւնը կը նմանի օձի ձուին. անկէ բարիք դուրս չի գար:

ԼԱԽՏ

Share this Article
CATEGORIES