Քիւրտ Զինեալները Ետ Կը Մղեն Քոպանիի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Նոր Յարձակումը

Turkish soldiers near KobaniՄարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ետ մղած են պաշարուած Քոպանի քաղաքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի մէկ նոր յարձակումը:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները փորձած են ռազմավարական բլուրի մը արեւելքէն եւ արեւմուտքէն դէպի հարաւ յառաջանալ, սակայն ետ մղուած են:

Երէկ երկու կողմերուն միջեւ բուռն բախումները շարունակուած են: Կիրակի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 19 քիւրտ զինեալներ եւ 27 ժիհատականներ:

Շաբաթ օր քիւրտ կին զինեալ մը ՏԱՀԵՇ-ի մէկ դիրքին դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարած էր:

Share this Article
CATEGORIES