Պայտըն Թուրքիայէն Ետք Ներում Կը Հայցէ Նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Ապու Տապիի իշխանէն ներում հայցած է իր արտասանած ճառին մէջ կատարուած «որեւէ ակնարկութեան» համար, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Սուրիոյ մէջ իսլամական զինեալներու աջակցած են:
Պայտըն զայրացուցած էր իր երկրին դաշնակիցները, երբ Հարվըրտ համալսարանի ուսանողներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր, որ Թուրքիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ «միլիառաւոր տոլարներ եւ տասնեակ հազարաւոր թոն զէնքեր» մատակարարած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալել փորձող սիւննի զինեալներուն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Կարկաշ պաշտօնական բացատրութիւն պահանջեց Պայտընի խօսքերուն համար, որոնք «ժխտական եւ անճիշդ տպաւորութիւն մը ստեղծեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դերակատարութեան մասին»:
Էմիրաթական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պայտըն կիրակի օր հեռաձայնած է շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ անկէ ներում հայցած»: Պայտընի գրասենեակը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը յստակացուցած է, որ Սուրիոյ տագնապի առաջին հանգրուանին մասին իր խօսքերը կը նշանակեն, որ այդ երկիրը «Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի, Քայիտայի կամ որեւէ այլ ծայրայեղական խմբակի աջակցած է»:
Պայտըն շաբաթ օր ներում հայցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն այն յայտարարութեան համար, որ Էրտողան խոստովանած է, թէ Թուրքիա սխալ գործած է` օտարերկրացի զինեալներուն արտօնելով իր երկրին տարածքով մուտք գործելու Սուրիա:
Ներումի հայցումէն ժամեր առաջ Էրտողան իր վրդովմունքը արտայայտած էր ըսելով. «Պայտըն պէտք է ներում հայցէ իր յայտարարութիւններուն համար», այլապէս ան «պատմութիւն պիտի դառնայ ինծի համար»: Ան պնդած է, որ ինք Պայտընին երբեք այդպիսի խօսք չէ ըսած:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին Պայտընի խօսքերը «անընդունելի» որակած էր: «Անկարելի է ընդունիլ այս քննադատութիւնը: Միացեալ Նահանգներու բոլոր իշխանութիւնները եւ Պայտըն շատ լաւ գիտեն, որ Թուրքիան առանձինը չորս տարիէ ի վեր միլիոնաւոր գաղթականներ հիւրընկալած է: եթէ Թուրքիոյ կատարած բոլոր զգուշացումները նկատի առնուէին, (ՏԱՀԵՇ) այսօր հարց պիտի չըլլար»:
Պայտընի բանբեր Քենտրա Պարքոֆ յայտնած է. «Փոխնախագահը ներում հայցած է ենթադրութեան համար, որ Թուրքիան կամ շրջանին մէջ այլ դաշնակիցներ եւ գործընկերներ դիտաւորեալ կերպով աջակցած են կամ նպաստած են ՏԱՀԵՇ-ի կամ Սուրիոյ մէջ այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու աճին»:
Պայտըն նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կը գնահատեն դաշնակիցներու եւ գործընկերներու, ներառեալ` Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ կատարած զոհաբերութիւնները ՏԱՀԵՇ «պատուհասին դէմ պայքարելու համար»:

