Անգարա Քրտական Ժողովրդավարական Միութիւն Կուսակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիական Ազատ Բանակին Միանալու Եւ ՔԱԿ-ի Հետ Կապերը Խզելու

Սալիհ Մուսլիմ
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալիհ Մուսլիմ 4 հոկտեմբերին երկարատեւ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի պաշտօնատարներուն հետ:
Ըստ հանդիպումին քաջածանօթ աղբիւրներու, հանդիպումին ընթացքին քիւրտ ղեկավարին կոչ ուղղուած է «սուրիական վարչակարգին դէմ հրապարակային կեցուածք որդեգրելու» եւ միանալու Սուրիական ազատ բանակին:
Թուրք պաշտօնատարները նշած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին վերակազմաւորման պիտի ենթարկուին եւ քրտական կուսակցութեան կոչ ուղղած են մաս կազմելու ընդդիմութեան: Աղբիւրները աւելցուցած են, որ թուրք պաշտօնատարները անգամ մը եւս պահանջած են, որ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ՔԱԿ-ի հետ իր կապերը խզէ:
Մինչ Մուսլիմ կը շարունակէ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն համար արեւմտեան երկիրներէ զէնք-զինամթերք ստանալու ջանքերը, ան Անգարայէն խնդրած է չարգելակել զէնքերու մատակարարումը: Եւրոպական երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ մերժած են անոր խնդրանքը:
Մինչ Գամիշլիի հետ Քոպանիի աշխարհագրական կապը կտրուած է, թրքական սահմանը քաղաքին աջակցութիւն հասցնելու միակ ճամբան է:
Մուսլիմ նաեւ Անգարայէն պահանջած է արգելք չհանդիսանալ, որ շրջանէն այլ քիւրտեր Սուրիոյ քիւրտերու օգնութեան գան, ինչպէս նաեւ արտօնել, որ ՔԱԿ-ը Թուրքիոյ ճամբով Քոպանիին օժանդակութիւն ուղարկէ:
Մուսլիմ Թուրքիա իր կատարած կարճատեւ այցելութենէն ետք քրտական «Հաուար» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «այն ինչ որ Այն Արապի (Քոպանի) մէջ տեղի կ՛ունենայ քիւրտերուն դէմ դաւ մըն է», եւ դատապարտեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ նստացոյց կատարողներուն դէմ թրքական ապահովական ուժերուն յարձակումը:
«Հաուար» կը նշէ, որ թրքական իշխանութիւնները Մուսլիմէն պահանջած են, որ քիւրտերը հրաժարին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութենէն:
Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները անվտանգութեան սպառնալիքներու պատճառով Սուրիոյ սահմանակից Ուրֆայի շրջանի երեք գիւղերու բնակչութիւնը հեռացուցած են:
Ուրֆայի նահանգապետը թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն բնակչութենէն խնդրած է հաւաքել անմիջական անհրաժեշտութեան իրերը, փակել դռներն ու հեռանալ իրենց շրջաններէն:
Սահմանամերձ երեք գիւղերու դպրոցներուն մէջ դադրեցուած են դասերը: Անվտանգութեան ուժերը կը հետեւին, որ գիւղերուն մէջ ոչ ոք մնայ:

