Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառներու Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը կ՛ենթադրէ, որ իրենք իրենց շահերը նկատի ունենալով ճշդեն իրենց  կեցուածքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չարաչար սխալած է իր գրաւը Սուրիոյ ձախողութեան վրայ դնելով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կարիք չկայ Թրիփոլիի մէջ իրարանցում ստեղծելու եւ քաղաքը Արսալի մը վերածելու, երբ ահաբեկիչներ Շատի Մաուլաուիի եւ Ուսամա Մանսուրի դէմ բերման գիրեր արձակուած են: Ան աւելցուց, որ մօտիկ ապագային իրենք հանդիպում մը պիտի ունենան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ զինեալները բանակին Արսալի անցարգելներուն դէմ յարձակումներ գործեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը փափաքին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ կողմէ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ աշխատանքը համակարգելու պնդումները կը միտին սուրիական վարչակարգին ճանաչումին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Շեպաայի միասնականութիւնը անհրաժեշտ է` դիմագրաւելու այն ամբաստանութիւնները, թէ Շեպաայի մէջ զինեալներ գոյութիւն ունին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, բանակայիններ առեւանգող զինեալները պահանջած են դէպի լեռնային Արսալ տանող ճամբաները չփակել եւ վերջ տալ սուրիացի գաղթականներու ապաստաններուն շուրջ որդեգրուող ապահովական միջոցառումներուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան լուծում մը գտնելու համար ապահովական-բանակցային միջոցներ պէտք է ըլլան եւ ոչ թէ զինուորական:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, խորհրդարանը չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին օրէնսդրական նիստ մը պիտի չգումարէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ նշեց, որ համախմբումը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ այդ մասին քուէարկութիւն ըլլայ, ապա իրենք դէմ պիտի քուէարկեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուելիք զինեալ բախումէն խուսափելու նպատակով քաղաքական քայլեր առնելու առիթ չկայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ պատրաստ է նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու եւ ի հարկին իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւնները կրնան աւելնալ` միջազգային դաշինքի ուժերուն կողմէ զինեալներու որջերուն դէմ գործուող ռմբակոծումներուն պատճառով:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ քաթարցի պատուիրակը չէ կրցած դէպի լեռնային Արսալ ապահով անցքեր հաստատելու զինեալներուն պահանջը երաշխաւորել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիտալ Թոհմէ մաղթեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին համար ի գործ դրուող ջանքերը արդիւնաբեր ըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանան եւ լիբանանեան բանակը իսրայէլեան վտանգին եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան թիրախ են:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին առումով արձանագրուած մեծագոյն բացթողումը առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքներուն նկատմամբ լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած վարուելակերպն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ ընդգծեց Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող արգելափակեալները դատավարութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զօրակցելու բանակին` հաստատելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը ցարդ ցոյց տուած է, թէ լիբանանեան բանակը զինելու իմաստով արեւմտեան ոչ մէկ միտում կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Իրանի կողմէ  լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը առանց նախապայմանի կատարուած նպաստ մը չէ, իսկ եթէ Լիբանան պիտի ընդունի այդ օժանդակութիւնը, ապա մենք կը պահանջենք իմանալ անոր պատճառները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին կողմէ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները ազգային գիտակցութեան եւ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առնչութեամբ յանձնառութեան գագաթնակէտն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES