Թրիփոլիի Մէջ Ոչ Մէկ Հեղինակութիւն Կը Պաշտպանէ Մաուլաուին Եւ Մանսուրը

LEBANON-SYRIA-POLITICS-UNREST-RELEASEԼիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր կը ջանան Թրիփոլիի, յատկապէս Պապ Թըպպանէի մէջ բնակչութեան զօրակցութիւնը վայելել:

Ապահովական աղբիւրներու համաձայն, Մաուլաուի եւ Մանսուր մնայուն կերպով սադրանքներ կը նախապատրաստեն բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ` պատճառաբանելով, որ անոնք կը հալածեն սիւննի համայնքի զաւակները, որոնք Հըզպալլայէն պաշտպանուելու զէնք չունին:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Մաուլաուի եւ Մանսուր գրգռութիւններ կը հրահրեն նաեւ Թրիփոլիի երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն դէմ` շեշտելով, որ անոնք լքած են զիրենք եւ թէ օրէնքը կը գործադրուի լիբանանցիներուն մէկ մասին եւ ոչ թէ բոլորին նկատմամբ:

Ապահովական նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Թրիփոլիի ոչ մէկ հեղինակութիւն կը պաշտպանէ Մաուլաուին եւ Մանսուրը, որոնք Պապ Թըպպանէն պատանդ վերցուցած են` հալածանքէ պաշտպանուելու նպատակով: Այս առումով շրջանառութեան մէջ դրուած են նաեւ տեղեկութիւններ, թէ 30-40 դիմակաւոր զինեալներ կը շրջին Թըպպանէի մէջ եւ կը սպառնան բոլորին, ինչպէս նաեւ անոնք ամբողջ գիշերուան ընթացքին կը հսկեն Թըպպանէի սահմաններուն` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ հաւանական յարձակումէ մը վախնալով:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերը գիտեն զոյգ ահաբեկիչներուն` Մաուլաուիի եւ Մանսուրի թաքստոցները եւ որեւէ ատեն կրնան ձերբակալել զանոնք` նկատի ունենալով ապահովական կայունութեան դէմ անոնց սպառնացած վտանգը:

 

Share this Article
CATEGORIES