Ուահապ. «Զէնքը Մեր Ընտրանքը Չէ, Սակայն Եթէ Ստիպուինք, Պիտի Դիմենք Անոր»

Ուիամ Ուահապ
Նախանցեալ օր Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ Ժահիլիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի տարբեր գիւղաքաղաքներէն ժամանած ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ զէնքը իրենց ընտրանքը չէ, «սակայն ստիպուելու պարագային անվարան պիտի դիմենք անոր եւ հաւատադրժողականներուն կամ նման այլ ծրագիրներու դիմաց դիւրին պատառ մը պիտի չըլլանք», ըսաւ ան:
Ուահապ շեշտեց, որ շրջանին եւ հետեւաբար Լիբանանի մէջ կը տիրեն դժուար պայմաններ` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի` պահպանելու համար Լիբանանը:
Ան ընդգծեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նախ եւ առաջ իրենք պիտի զօրակցին պետութեան եւ բանակին, սակայն եթէ անոնք չկարենան Լիբանանը պաշտպանել, ապա իրենք իրենց երկիրը պիտի չլքեն, այլ պիտի պաշտպանեն զայն` աւելցնելով, որ Լեռնալիբանանը, Իքլիմ Խարրուպէն սկսեալ մինչեւ վերջին գիւղաքաղաքը, կրնայ ինքնապաշտպանութեան դիմել:
«Իսկ եթէ զէնքի գոյութեան մասին հարցականներ կան, բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ անշուշտ Լիբանանի պաշտպանութեան համար զէնք գոյութիւն ունի», ըսաւ Ուահապ:

