«Պրիթելի Բարձունքներուն Վրայ Պատահածը Կը Փաստէ Սուրիայէն Հըզպալլայի Հեռանալուն Կարեւորութիւնը» Յայտնեց Ժահժահ

Սամիր Ժահժահ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Պրիթելի բարձունքներուն վրայ զինեալներուն կողմէ նախանցեալ օր գործուած յարձակումը կը փաստէ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռանալուն կարեւորութիւնը:
«Իսկ եթէ կառավարութիւնը լուրջ է` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով, ապա ան պէտք է տայ որոշում մը, որուն համաձայն, Հըզպալլա պէտք է հեռանայ Սուրիայէն, ապա Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, պէտք է օժանդակէ բանակին` հակակշիռի տակ առնելու լիբանանեան-սուրիական սահմանները:
Ժահժահ յայտնեց նաեւ, որ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումը կրնայ նպաստել նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումին:
Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ կռիւը շարունակելը անպատասխանատու քայլ մըն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

