Իսրայէլեան Ուժեր Կրակոցի Թիրախ Կը Դարձնեն Բանակի Սատտանէի Անցարգելը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Սատտանէի իր անցարգելը իսրայէլեան ուժերուն կրակոցին թիրախ դարձած է` աւելցնելով, որ այդ դէպքին պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած է լիբանանցի զինուոր մը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը կը մնայ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ եւ որդեգրած է պաշտպանողական անհրաժեշտ միջոցառումները, ինչպէս նաեւ հսկողութիւնը համադրած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Շեպաայի մօտակայքը գտնուող Սատտանէ շրջանին մէջ բանակին անցարգելին դէմ կրակոցը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է եւ Լիբանանի դէմ յարձակում կը նկատուի:
Հաշեմ ընդգծեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը տակաւին անհրաժեշտութիւն է Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար հանգրուանին:

