Պնաշհիի Մէջ. «Պէտք Է Զօրակցինք Բանակին» Շեշտեց Մահմուտ Քումաթի

Ֆրենժիէ` լիբանանեան քաղաքական ուժերու եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչներուն հետ
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Մարատա հոսանքի Պնաշհիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քումաթի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ լիբանանցի պաշտօնատարներու ընկերակցութեամբ այցելած են Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի, որուն հետ քննարկած են տեղական եւ շրջանային զարգացումները` ընդգծելով, որ Լիբանան տակաւին ամուր դիրքի վրայ կը մնայ, եւ ինչ ալ ըլլայ ահաբեկչութեան ծրագիրը կամ ահաբեկիչներուն նպատակը, անոնք պիտի չկարենան լիբանանեան տարբեր շրջանները տապալել:
«Բոլորս` իբրեւ քաղաքական ուժեր, պէտք է զօրակցինք բանակին եւ պահանջենք, որ բանակին յատկացուի այն, ինչ որ պէտք է` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան: Հարաւային Լիբանանի թէ Պեքաայի սահմաններուն վրայ Հըզպալլա կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս շեշտած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա` իր վերջին ճառին մէջ», ըսաւ Քումաթի:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութիւնը անծայրածիր պէտք է ըլլայ:
Անդրադառնալով երկրին քաղաքական կացութեան` Քումաթի հաստատեց, որ Լիբանան նախ եւ առաջ նախագահական ընտրութեան կարիք ունի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է շրջանցել այդ ընտրութիւնը արգելակող միջազգային ճնշումներն ու շրջանային խոչընդոտները:

