Սլէյման Այցելեց Սելիմ Հըսի

Զօր. Սլէյման եւ Հըս

Զօր. Սլէյման եւ Հըս

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Սլէյման նշեց, որ Հըսի կատարած իր այցելութիւնը շնորհաւորական բնոյթ ունի:

Share this Article
CATEGORIES