Զինեալ Խմբաւորումները Յարձակումներ Գործեցին Հըզպալլայի Կեդրոններուն Դէմ
Կիրակի յետմիջօրէին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ հարիւրաւոր զինեալներ, որոնց մեծ մասը` Ժապհաթ Նուսրայի անդամներ, յարձակումներ գործեցին Հըզպալլայի կեդրոններուն դէմ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Հըզպալլայի անդամներ Պեքաայի գիւղաքաղաքներէն ուղղուին Պրիթելի, Համի եւ Եունինի բարձունքները, ուր արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Բախումներուն ընթացքին Հըզպալլայի մարտիկներ արձանագրեցին յաղթանակներ` չարտօնելով, որ իրենց զինուորական կեդրոններէն որեւէ մէկը գրաւուի, ինչպէս նաեւ խլելով տասնեակ ահաբեկիչներուն կեանքերն ու գերեվարելով ուրիշներ:
Հըզպալլա երէկ գուժեց իր մարտիկներէն Համզա Աքիսայի, Մահեր Զաայթերի, Մոհամետ Ռապահի, Մոհամետ Քալամունի, Ահմետ Սալեհի, Ֆուատ Մուրթատայի, Նիզար Թրաֆի եւ Ամմար Ասսաֆի նահատակութիւնը:
Այլ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլայի եւ զինեալներուն միջեւ բախումներ արձանագրուած են նաեւ Քաայի եւ Նաամաթի մէջ:
Նշենք նաեւ, որ լիբանանեան բանակը շարունակեց իր թնդանօթներով ռմբակոծել Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան, ուր կը գտնուին զինեալ խմբաւորումներուն անդամները:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի բանբերը «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն նշեց, որ Նահլէի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլա յարձակած է իրենց դէմ, որուն պատճառով Հըզպալլայի շարքերէն տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են:
Շաբաթավերջի այս դէպքերէն օր մը ետք` երէկ առաւօտեան առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ամբողջութեամբ փակեցին Տահր Պայտարի մայրուղին` նոյնիսկ մերժելով նկատի ունենալ մարդկային պարագաները:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները փակեցին նաեւ Թարշիշ-Զահլէի եւ Քալամունի ճամբաները:
Առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք այլ ձեւ չունին իրենց զաւակները պաշտպանելու եւ անոնց ազատ արձակումին համար պայքարելու:
Անոնք հարց տուին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիին` Ռումիէի արգելափակեալները ազատ արձակելու կարելիութիւններուն մասին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ներքին համակարգումի պատասխանատու Հատի Ապու Հասան` գլխաւորելով կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, այցելեց Տահր Պայտար եւ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ապու Հասան շնորհաւորեց զանոնք Ատհայի տօնին առիթով եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` ընդգծելով, որ իսկական տօնը պիտի ըլլայ այն օրը, երբ հերոս գերիները կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն:
Ապու Հասան ողջունեց կառավարութեան, վարչապետ Թամմամ Սալամի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ջանքերը` առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին իմաստով:

