Շուշի Եւ Պուրկ Լը Վալանս Քաղաքներուն Միջեւ Բարեկամութեան Հռչակագիր

1006_Bourg-Valence-ShushiԼեռնային Ղարաբաղի Շուշի եւ Ֆրանսայի Պուրկ Լը Վալանս քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան հռչակագիր ստորագրուեցաւ:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հռչակագիրը կիրակի ստորագրած են Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան եւ Արցախ գտնուող Ֆրանսայի Պուրկ Լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէ:

Հռչակագիրին նպատակն է զարգացնել երկու քաղաքներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ խթանել ծրագիրներու իրականացումը կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան, առեւտուրի եւ տեղական կառավարման մարզերուն մէջ:

«Ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի` Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններուն հետեւողական քայլերը` ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան ստեղծման եւ զարգացման, եւ գիտակցելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մեկուսացումը չի նպաստեր ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման` կողմերը որոշած են բարեկամական կապեր հաստատել երկու քաղաքներուն միջեւ», ըսուած է հռչակագիրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES