Վերանորոգուելէ Ետք Բացուեցաւ Մոնթեվիտէոյի Հայ Ժողովուրդի Ցեղասպանութեան Հրապարակը
Մոնթեվիտէոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ Ժողովրդավարութեան հրապարակներու վերանորոգումէն եւ արդիականացումէն ետք բացման արարողութիւնը:
2005 թուականին բացուած Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հրապարակը փաստօրէն միացաւ Ժողովրդավարութեան հրապարակին եւ պահպանելով իր անունը, պիտի շարունակէ հանդիսանալ օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին նկատմամբ Մոնթեվիտէոյի իշխանութիւններու յարգանքի խորհրդանիշը:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Ուրուկուէյի մայրաքաղաքի քաղաքապետ Անա Օլիվերան` ընդգծելով հայերու ներդրումը երկրի կեանքին մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ այս իրադարձութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին:
CATEGORIES Հայկական

