Նալբանդեան Ընդունեց Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Առաջին Տեղակալը
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ, «Ապագայի ուժանիւթը» խորագիրով ԷՔՍՓՕ-2017 Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային ցուցահանդէսի ազգային համակարգող Ռապիլ Ժոշիպայեւը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին` Հայաստանի կողմէ ԷՔՍՓՕ-2017ցուցահանդէսը Ասթանայի մէջ կազմակերպելու աջակցութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ղազախական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն, փոխադարձ այցելութիւններու, միջխորհրդարանական հաղորդակցութիւններու աշխուժացման, տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն: Երկուստեք վստահութիւն յայտնուեցաւ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ` երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման:

