50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՅՈՒԼԻՍ 1961)
ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը իր յուլիս 6-ի թիւին մէջ վերոյիշեալ խորագիրին տակ կը գրէ.-
1955-ին, երբ Լիզպոնի մէջ մեռաւ Գալուստ Կիւլպենկեանը, 24 միլիոն սթերլինի հասնող հարստութիւն մը ձգեց: Այսօր Կիւլպենկեան հիմնարկութեան փոխանցուած այս հարստութիւնը կը հասնի 45,5 միլիոն սթերլինի:
Կիւլպենկեան հիմնարկութեան ձգեց նաեւ 5 առ հարիւր տոկոսի շահաբաժին մը Իրաքի Քարիւղային ընկերութեան մէջ, որուն անուանական գումարը 6,683,020 սթերլին է, բայց իրական արժէքը շուրջ հարիւր միլիոն սթերլին է: Այս գումարը եւս, ինչպէս արուեստի գործերու իր մեծարժէք հաւաքածոն, մօտ երեք հազար թանկարժէք կտորներով, փոխանցուեցան հիմնարկութեան:
Իր առաջին տեղեկագիրին մէջ, հիմնարկութեան նախագահը կը գտնէր, որ հարստութիւնը կ՛արդարանայ միայն այն ատեն, երբ բարի նպատակներու կը տրամադրուի` դրամատիրոջ ողջութեան կամ մահէն ետք:
Յուլիս 1955-էն մինչեւ դեկտեմբեր 1959 շրջանը ընդգրկող իր տեղեկագիրին մէջ, նախագահը կը գրէ.
«Ճշմարիտ առասպել մը հիւսուած էր Կիւլպենկեանի հարստութեան շուրջ: Հիմնադիրի Միջին Արեւելքի քարիւղի շահերը ապահովուեցան ու պահպանուեցան մեծ զոհողութիւններով:
«Գալուստ Կիւլպենկեան մտացի, յարատեւող եւ արի սերմնացան էր հարստութեան հունտերու, սակայն ան լիովին չքաղեց հունձքը: Այդ գործը պիտի ընէ Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը, պայմանով որ միջազգային անհանդարտութիւնը չխորտակէ մեր եւ հիմնադիրին յոյսերը»:
Նշուած ժամանակաշրջանին կատարուած նուէրներու գումարը կը հասնի հինգ միլիոն սթերլինի: Փորթուկալը հիմնարկութենէն ամէնէն աւելի օգտուողը եղած է, ստացած ըլլալով աւելի քան երկու միլիոն սթերլին, Միջին Արեւելքը ստացած է մօտ մէկուկէս միլիոն, իսկ Բրիտանիա եւ Բրիտանական Հասարակապետութիւնը` մօտ 700 հազար սթերլին:
Այս զգուշ մօտեցումը արդիւնք է այն վտանգներուն, որոնց ենթակայ է հիմնադրամը տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու հետեւանքով:
Ընդհանուր առումով, Կիւլպենկեան հիմնարկութիւնը ստեղծուած է օգնելու համար արուեստի, կրթութեան, գիտական պրպտումներու եւ բարեսիրական ձեռնարկներու ու նպատակներու:
Լայն շրջագիծով նուիրատուութիւններ եղած են հիմնարկութեան կողմէ բժշկական ու գիտական աշխատանքներու, հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ բարեսիրական հաստատութեանց:
Կարելի է տալ հետեւեալ հաշուեցուցակը.
Բրիտանիա
«Ռոյալ քոլեճ օֆ արթ»ի մէկ նոր բաժանմունքին համար` 75 հազար սթերլին
Տըրհամ համալսարանի Արեւելեան ճիւղի մէկ նոր շէնքին` 60 հազար
Օքսֆորտի «Պոտլէյան» գրադարանի վերանորոգման` 42 հազար
Քենիոյ Մոմպասա քաղաքին մէջ Յիսուսեան բերդը թանգարանի վերածելու գործին` 31 հազար 200
Ազատարար մակոյկներու ազգային ընկերութեան` 25 հազար
Լոնտոնի ոստիկանութեան իրաւական խորհուրդին` 20 հազար
Փորթուկալ
Հիւանդանոցներու կառուցման` 93,537
Չքաւորներու համար բնակավայր կառուցելու` 62,500
Բժշկական օգնութեան զանազան բարեսիրական ընկերութեանց` 700
Երեխաներու ֆիզիքական ու բարոյական խնամքին` 37,500
Օգնութիւն բարեսիրական ընկերային հաստատութեանց` 15 հազար
Միջին Արեւելք
Մարզական կեդրոնի մը շինութեան` Իրաքի մէջ` 1050 հազար
Արուեստից կեդրոնի մը հիմնադրութեան` Պաղտատի մէջ` 60 հազար
Սրտի եւ թոքերու հիւանդութեանց գիտական հետազօտութեան համար կեդրոնի մը հաստատման Լիբանանի մէջ 26,000
Երկրաշարժի աղէտեալներուն Իրանի մէջ 3000
Թարգմ. Ա.
ՔԵՍԱՊԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ
ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր երէկուան թիւով հրատարակեցինք հոգեշնորհ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի սրտագին կոչը իր հայրենակիցներուն` Քեսապի հայկական գիւղին մէջ եկեղեցաշինութեան աստուածահաճոյ գործին ի նպաստ:
Վստահ ենք, որ վարդապետին կոչը արձագանգ պիտի գտնէ ո՛չ միայն իր հայրենակիցներուն, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մօտ, որոնք կը գիտակցին գործին կարեւորութեան, նաեւ վստահ ենք, ու մեծ պիտի ըլլայ անոնց թիւը, ինչպէս մեծ եղած է միշտ, ամէն անգամ որ դիմուած է հայ ժողովուրդին` իր գոյութեան կռուաններու կերտումին համար:
Քեսապի պարագային, մեր հայրենակիցները կրկնակի պարտաւորութիւն ունին Ս. Աստուածածին հնամեայ եկեղեցիին վերանորոգման բերելու իրենց մասնակցութիւնը, որովհետեւ Քեսապ, զուտ հայաբնակ այդ գիւղը, ոչ միայն հայկական գիւղի հարազատ նմուշն է արտասահմանի մէջ, այլ նաեւ հետզհետէ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող շրջան մը, իր տիպար ամարանոցի հանգամանքով, դիմացը` իր զաւակներուն կարօտով տոչորող Հերոսական Լերան:
Հայրենակիցնե՛ր, լիաբուռն մասնակցեցէք նուիրահաւաքութեան, երբ հանգանակիչ յանձնախումբեր ներկայանան ձեզի այս կենսական գործին համար: